image

Լիբանան. Հրդեհներու հետեւանքով զոհուած է «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» անդամներէն ՝ Սալիմ Ապու Մըժահէտը

Լիբանան. Հրդեհներու հետեւանքով  զոհուած է  «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» անդամներէն ՝ Սալիմ Ապու Մըժահէտը

Լիբանանի մէջ  զոհուած է «Քաղաքացիական պաշտպանութեան անդամներէն` Սալիմ Ապու Մըժահէտը։

Այս  մասին  լուրը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը, յայտնելով, որ Ապու Մըժահէտ զոհուած է «Պըթաթէր» շրջանին մէջ ծագած հրդեհի մը մարման աշխատանքներու  մասնակցութեան  պահուն։

Յիշեցնենք, որ այսօր տագնապալի  իրավիճակ մը կը տիրէ լեռնալիբանանի  տասնեակ  գաւառներու մէջ եւ «Քաղաքացիական  պաշտպանութեան», ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի միաւորներ մեծ  ճիգեր կ՚իրականացնեն մարելու համար առկայ  հրդեհները։

Կը  նշուի նաեւ, որ  խեղդամահ ըլլալու հետեւանքով մահացած Ապու Մըժահէտ ունէր սրտանօդային խնդիրներ եւ ան ենթարկուած էր սրտի բաց գործողութեան:

Ան ամուսնացած էր եւ ունէր երկու երեխայ։