image

Լեւոն Շառոյեան Խօսեցաւ «Արեւելք»ին. «Հալէպը Տակաւին Կ'ապրի Ու Կը Շնչէ»

Լեւոն Շառոյեան Խօսեցաւ «Արեւելք»ին.  «Հալէպը Տակաւին Կ'ապրի Ու Կը Շնչէ»

Սուրիա-  «Ժողովուրդը  տարբեր միջոցներ  գտած է դիմադրելու ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապներուն»,- «Արեւելք»ին ըսաւ հալէպահայ   հրապարակախօս  Լեւոն Շառոյեան: Շառոյեան  դիտել տուաւ, որ ներկայ  պահու դրութեամբ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները   առկայ են եւ   վերջին օրերուն  ջրամատակարարումն ու  ելեկտրական հոսանքի  հայթայթումը դարձեալ խափանուած  են: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն       Հալէպ  վերստին ջուր    եւ ելեկտրականութիւն պիտի ունենայ: Շառոյեան,  խօսելով ջուրի տագնապին  դիմադրելու    ձեւերուն մասին,  ըսաւ. «Ժողովուրդը       տուներու   մէջ    ջուր կը հաւաքէ` այդպիսով   տագնապին   դէմ դնելու համար: Իսկ ելեկտրականութեան պարագային     մարդիկ  իրենց տուներուն մէջ     բարդ (Batterie)  դրած են  եւ այդ միջոցաւ կրնան   կեանքը աւելի տանելի դարձնել»: Ըստ  Շառոյեանի,   այս բոլորը գործի կը դրուին  նիւթական  մեծ զոհողութիւններու գնով: Խօսելով հալէպահայութեան իրավիճակին մասին`   Շառոյեան նկատել տուաւ, որ գաղութի թիւը  բաւական նօսրացած է եւ  գաղութին  50  առ 100-ն   արդէն կը գտնուի  Հալէպէն դուրս:  Ըստ Շառոյեանի,  հակառակ    Հալէպէն հեռացողներու մեծ թիւերուն,   համայնքին մէջ  կայ  զանգուած մը, որ  կառչած կը մնայ   գաղութին եւ  իր կարծիքով այդ զանգուածն է, որ վառ կը պահէ Հալէպը:  «Ժողովուրդի  հատուած մը կայ, որ  կառչած կը մնայ Հալէպին , այլապէս մինչեւ հիմա մեր բոլոր   եկեղեցիներն ու ակումբները  փակուած պիտի ըլլային»,- ըսաւ   Շառոյեան,  մատնանշելով,  օրինակ տալով   անցնող  Յունիսին Բարեգործական միութեան կազմակերպած    երիտասարդ գրող     Նուպար Նալպանտեանի  (18  տարեկան)     բանաստեղծական  հատորին  գինեձոն- երեկոն, ուր,  ըստ Շառոյեանի   սրահը եղած է   աննախընթաց կերպով բազմամարդ եւ  այս մէկը   դարձեալ մեծագոյն ապացոյցն է, որ    Հալէպը տակաւին  կը շնչէ ու կ'ապրի: Ըստ Շառոյեանի,  Հալէպէն հեռացողներուն     կէսէն աւելին  հաստատուած է  Երեւան , ապա Պէյրութ,  Թուրքիա եւ  այլ տեղեր:  Ան այս առումով յոյս յայտնեց, որ Երեւան փոխադրուած հալէպահայերը իրենց  համար   ընկերային եւ տնտեսական   բարւոք պայմաններ կը գտնեն եւ       հեռու ափեր չեն երթար   ու  կը մնան  Երեւանի  մէջ` այդպիսով  հեռու մնալով ձուլման  համայնակուլ պայմաններէն:  Յիշեցնենք, որ  Լեւոն Շառոյեան  հալէպահայ հրապարակախօս  է: Ան    երկար  տարիներ  աշխատակցութիւն բերած է   Փարիզի «Յառաջ»ին եւ Պոլսոյ «Մարմարա»ին»: