image
Հրատապ լուրեր:

«Les Rues de Lyon»-ի նոր թիւը նուիրուած է հայկական յիշողութեան եւ Լիոնի հայերուն

«Les Rues de Lyon»-ի նոր թիւը նուիրուած է հայկական յիշողութեան եւ Լիոնի հայերուն

Լիոնի պատմութիւնը պատկերապատումներու միջոցաւ ներկայացնող Les Rues de Lyon («Լիոնի Փողոցները») ամսաթերթը Դեկտեմբեր 2025ին լոյս ընծայած է իր 132րդ թիւը՝ Memoires d՛Armenie («Հայաստանի Յիշողութիւններ») խորագիրով:

Այս թիւը կը պատմէ 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի բռնի աքսորին եւ դէպի Ֆրանսա գաղթին մասին: Ռոնի հովիտը եւ Լիոնի շրջանը դարձան այն հանգրուաններէն մէկը, ուր Հայկական Սփիւռքը վերապրեցաւ եւ բարգաւաճեցաւ:

Գործին նիւթի հեղինակներն են՝ Վիրժինի Օլանիէ-Ժուվրէ եւ Գլօտիուս Թիզի, իսկ գծագրութիւնները եւ գունաւորումը կատարած է Ֆրան: Հրատարակիչը L՛Epicerie Sequentielle-ն է:

Պատմութիւնը կը սկսի Անթոնէն-Փոնսէ հրապարակի Ցեղասպանութեան յուշակոթողէն: Այնուհետեւ հեղինակները կը կեդրոնանան Լիոնի մէջ հետք ձգած քանի մը ականաւոր հայերու վրայ.

 – Նափոլէոն Պիւլլիւքեան՝ շինարարութեան եւ անշարժ գոյքի ոլորտին մէջ հարստութիւն կուտակած գործարար, որ նոյն ատեն եղած է գեղանկարչութեան մեծ հաւաքորդ եւ քաղցկեղի դէմ պայքարի հետազօտութիւններու ֆինանսաւորող:

 – Ճիպրայէլ Պահատուրեան՝ սկսելով փոքր նպարատունէ մը, ուր կը վաճառուէին արեւելեան եւ միջերկրականեան համեմներ ու մթերքներ՝ ան հիմնեց ցանց մը, որ այսօր ալ Լիոնի մէջ յայտնի է իբրեւ նրբահամ ուտեստեղէնի կեդրոն մը:

Թէեւ տասը էջերը բաւարար չեն ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու համար, սակայն այս գործը գեղեցիկ պատկերազարդումներով հետաքրքրական եւ յուզիչ ակնարկ մը կը նետէ հայկական ներկայութեան վրայ՝ յաջողութեամբ եզրափակելով ամսաթերթին տարին: