image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով եւ Միրզոյեան պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ

Լաւրով եւ  Միրզոյեան պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ
31 Օգոստոսին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, որ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստան, յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը:
 
Հանդիպման ժամանակ ԱԳ նախարարները կը նախատեսեն քննարկել հայ-ռուսական դաշինքի զարգացման հետագայ քայլերը բոլոր ոլորտներու մէջ, ընդհանուր համարկուած ընկերակցութիւններու, ինչպիսիք են ԱՊՀ-ն, ՀԱՊԿ-ը, ԵԱՏՄ-ն, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:
 
«Պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու՝ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերին եւ 2021 թուականի 11 Յունուարին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման առաջընթացը, այդ շարքին՝ մարդասիրական խնդիրները եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու արգելափակումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: