image
Հրատապ լուրեր:

Լաթաքիա.Ռուսական Զօրակայանը Բացուած Է Լրագրողներուն Առաջ

Լաթաքիա.Ռուսական   Զօրակայանը  Բացուած  Է Լրագրողներուն   Առաջ

Սուրիա-(«Ալ Հայեաթ»-Լոնտոն) Ըստ «Ալ Հայեաթ»ին, Ռուսական պատերազմական օդանաւերը անցեալ հինգշաբթի օրը արեւածագին, թռիչք կատարեցին սուրիական արեւմտեան կեդրոնէն մասնակցելու շարք մը գրոհներու ընդդէմ խմբաւորումներու կեդրոններուն, զորս Մոսկուան կը ներկայացնէ որպէս «ահաբեկիչներ»: Սուրիոյ հողին վրայ, այս շարժումը, առիթ տուաւ Ռուսիոյ անգամ մը եւս ինքզինք պատկերացնէ  միջազգային կեդրոնական խաղացող մը, որ կրնայ իր զինուորական ուժը ցուցադրել  իր աշխարհագրական սահմաններէն դուրս:Ռուսիոյ պաշպանութեան նախարարութիւնը, Չորեքշաբթի-Հինգշաբթի գիշերուան ընթացքին այցելութիւն կազմակերպեց լրագրողներուն համար, առիթ ընծայելով միջազգային կարգ մը լրատուամիջոցներուն, դիտելու այն գործողութիւնները, որոնք տեղի կ'ունենան  «Համիմիմ» կեդրոնէն ներս, մինչ պատերազմական օդանաւերու խումբերը կը պատրաստուէին յարձակումի, հրթիռներով եւ ռումբերով ապահովուելով, ուղիթիռները կը թռչէին ցածէն կեդրոնին մօտ, գետնին վրայ, ուր տեղի կ'ունեան գործողութիւնները անապահովութեան սպառնալիքը վերացնելու:Լրագրողներու այցելութեան կազմակերպումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, երբ Մոսկուան յայտարարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի այցելութիւնը եւ հանդիպումը նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ըստ  նոյն աղբիւրին լրագրողները «Համիմիմ» կեդրոնին մէջ տեսան նոր ձեւի կարգաւորուած գործողութիւններ: Կեդրոնը պաշտպանուած է օդային համակարգով, կարելի եղաւ դիտել ծայրամասերը, երբ զինեալներ իրենց զէնքերով կը պահպանեն հիմնական ծառայութեան բաժինները, շարքերով զինուորներ փոխադրող բեռնատարներ մօտիկ կայան մի մէջ կանգնած էին:

Անցեալ Հինգշաբթի առաւօտ կանուխէն, մօտ 12 պատերազմական օդանաւներ թռիչք առին պատերազմական նպատակով, մինչ ռուսական հսկայ բեռնատար մը էջք կատարեց, նոյն ատեն «Ալիոշըն 76» մակնիշի երկու օդանաւ կեցած էին, բայց անապատի յատուկ տարազ հագուած ռուս զինուորները մերժեցին խօսիլ լրագրողներուն հետ:

Միւս կողմէ Սուրիա աւելի քան 100 բեռնատար նաւ ընդունեց անցնող շաբաթներուն ընթացքին, այս մէկը տարուան ընթացքին նաւերու տեղափոխման բարձրագոյն թիւը կը համարուի, Ռուսիոյ կողմէ, իր դաշնակիցին՝ Պաշշար Ալ Ասատին աջակցութեան ծիրէն ներս:

Այս նաւերը եկած են ուղղակի Ռուսիայէն եւ սեւ ծովեան նաւահանգիստէն, ինչպէս Գոնսդանզա, Րումանիայէն նաեւ Լիբանանէն եւ Եգիպտոսէն, ըստ այն յայտարարութեանց եւ վաճառականական, միջազգային տեղեկութիւններուն, որոնք  նաւերուն կը տրուի: Յայտարարութիւնները կը բացայայտեն, թէ օժանդակութիւնները կ'աջակցին պատերազմական գործողութիւններուն, նաեւ շաքար եւ հացահատիկ կը հայթայթեն: «Ռոյթըրզ» չէզոք աղբիւրներէ չէ կրցած հաստատել, թէ նաւերը ինչով բեռնաւորուած են:

Ռուսական կառավարութեան խօսնակը ըսաւ թէ, Ռուսիան հրաման չէ արձակած ապրանքներ յանձնելու Սուրիոյ, սակայն կարգ մը աղբիւրներ կ'ըսեն, յանձնումը տեղի ունեցած է, կատարելով երկու պետութիւններուն հրամանները, մինչ այլ բեռնափոխադրումներ եղած են անձնական նախաձեռնութեամբ ներածողներու կողմէ, որոնք առիթ կ'որսան իրենց արտադրութիւնները ծախելու պատերազմական թէժ վիճակէն օգտուելով:

Միջին Արեւելեան աղբիւր մը, որ նախնական ապրանքներու վաճառք կը կատարէ ըսաւ, «Բեռնատարներ բերելու լոճիստիք գործօնները բարդ ու տագնապալի են ներկայիս, Ռուսիոյ  մուտք գործելուն պատճառաւ» եւ աւելցուց, որ նաւային բեռնափոխադրութիւնը դէպի Սուրիա 25% ոստում արձանագրեց, մէկ թոնը 80 տոլարի հասցնելով:

Սուրիոյ մէջ, հինգ տարիներէ ընթացող պատերազմը բարձրացում արձանագրեց, երբ 30 Սեպտ. ռուսական պատերազմականն օդանաւերը սկսան ռմբակոծել զինեալ ընդիմադիրները, երբ Ռուսիան ամրապնդեց իր ներկայութիւնը Սուրիական ծովեզերեայ շրջանը, Թարթուսի իր ծովային կեդրոնին եւ եւ Լաթաքիոյ հարաւը օդակայանին մէջ: Ըստ Անգլիական «Փոլ Սարթըր»ի տուեալներուն, Թարթուսի նաւահանգիստը Օգոստոսի վերջը դիմաւորեց եօթը նաւեր, այս թիւը ոստում կատարեց հասնելով շաբաթական 29 նաւի, մինչեւ 12 Հոկտ: Յայտարարութիւնները ցոյց տուին թէ, 95 նաւեր հասան Թարթուս 25Սեպտ.էն մինչեւ 21 Հոկտ. Լաթաքիոյ գլխաւոր նաւահանգիստ, նաւերու երթեւեկութիւնը հասաւ բարձրագոյնին, երբ 34 նաւեր հասան Սեպտեմբերի կէսէն մինչեւ 21Հոկտ. ըստ «Փոլ Սարթըր»ի տուեալներուն, իսկ «Թոմսըն Րոյթըրզ Էյգոն»ի տուեալները ցոյց կու տան թէ 60 նաւեր հասած են Լաթաքիա եւ Թարթուս  անցնող Սեպտեմբերի կէսէն ի վեր: Կան տարբերութիւններ նաւային տեղեկութիւններուն շուրջ:

Աղբիւրները կ'ըսեն թէ սննունդ, վառելանիւթ, ապրանք եւ զինուորական օժանդակութիւնները ամենաշատ ապրանքներն են նաւերով փոխադրուած վերջին շրջանին: Վաճառականական աղբիւր մը ըսաւ թէ, մեծ քանակութեամբ հում շաքար հասած է վերջին երեք շաբաթներուն: Ռուսիա բարձրացուց մարդկային օժանդակութեան՝ հացահատիկի փոխադրութիւնը, որու քանակը հասած է 71 հազար թոնի Յուլիս ամսուան  սկզբնաւորութեան «Իկոր Պավնսքի»ի արտահանման երկաթուղային ընկերութեան փոխ նախագահ «Ռոսակոնթրանս»ի տուեալներուն համեմատ: Սա կը ներկայացնէ Ռուսիոյ  դէպի Սուրիա արտահանումներուն 88% տոկոսը 2014/2015 նախորդ եղանակին: Զէնքերու արտադրութեան միջազգային աղբիւր մը, որ ծանօթ է Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն, ըսած է, Ռուսիոյ փոխադրած ծովային սարքաւորումը կը կազմեն զինամթերք, ծանր զէնքեր, ռումբեր, էլէքթրոնային սարքեր, լրտեսական սարքեր, ռատարները խանգարող սարքեր, այս սարքաւորումները մեծ մասամբ փոխադրուեցան ծովային միջոցով, անոնցմէ մաս մըն ալ օդային:

«Ռոսպորնոքսպորթ»ի խօսնակ «Վիաթչիսլավ Տաւիթքոնֆով», որ ռուսական զէնքերու արտահանման մենաշնորհն է, ըսաւ «Մենք երբեք չենք սպասեր յաջորդականութիւնը ժամադրութիւններու, թուականի, միջոցներու կամ բեռներու թիւին... յաջորդականութիւն չկայ»

«Էնթըրֆաքս» լրատուական գործակալութիւնը Հոկտեմբերի սկիզբը զինուորական աղբիւրէ մը փոխանցելով ըսաւ, թէ Ռուսիոյ հիւսիսային նաւատորմը, սեւ ծովու նաւատորմը եւ Պալթիկ ծովու նաւատորմը ուղարկուած է, թռիչք կատարող Ռուսիոյ օդային ուժին համար վառելանիւթ փոխադրելու, մինչ նաւեր տարածուած են Սուրիոյ եւ դրացի պետութիւններու կապերուն հսկելու, աղբիւրը մերժեց շարունակել: