image

Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքոյ. Ռուս դիւանագէտ

Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքոյ. Ռուս դիւանագէտ

Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ, Մոսկուան կոչ կ'ընէ ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն բարի կամք դրսեւորելու եւ համատեղ ընդունելու փոխզիջումներ՝ ճգնաժամը հնարաւորինս արագ լուծելու համար։

Ըսած է ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը․

«Տարածաշրջանի մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւն կ'առաջացնէ: Բնակչութիւնը պէտք չէ դառնայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդը:

Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքոյ եւ օգտագործուի միայն այն նպատակներու համար, որոնք նշուած են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ:

Մենք կոչ կ'ընենք մեր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն դրսեւորելու բարի կամք եւ համատեղ փնտռել փոխադարձ ընդունելի փոխզիջումներ՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը հնարաւորինս արագ կարգաւորելու, հանքավայրերու զարգացման յարաչափերը համաձայնեցնելու եւ ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարման խնդիրները լուծելու համար»,-ըսած է Լուքաշեւիչը ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստին։

Անոր խօսքով, Մոսկուան պատրաստ է այս հարցով ցուցաբերել հնարաւոր աջակցութիւն։

«Ռուս խաղաղապահներու ջանքերով կազմակերպուած է շտապ օգնութեան մեքենաներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներու անցումը Լաչինի միջանցքով, վերականգնուած է ղարաբաղցիներու կազամատակարարումը, համացանցի հասանելիութիւնը։ Կը համակարգուին ելեկտրահաղորդման գիծերու վերանորոգման յարաչափերը։ Ռուսական կողմը ինչպէս քաղաքական մակարդակով, այնպէս ալ տեղւոյն վրայ, շահագրգիռ կողմերու հետ շփումներով, կը ձեռնարկէ բոլոր հնարաւոր միջոցները լարուածութիւնը թուլացնելու եւ իրավիճակը կարգաւորելու համար»,- ըսած է մշտական ներկայացուցիչը։

Ըստ Լուքաշեւիչի, կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծումը հնարաւոր է միայն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագրերու բոլոր դրոյթներու խստիւ պահպանման հիման վրայ։

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ որեւէ սադրիչ գործողութիւն եւ հրապարակային յարձակում մենք կը համարենք անընդունելի եւ վնասող հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Ռուս խաղաղապահները առանցքային ներդրում ունին իրենց տեղակայման գօտիին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին, որ նշած են Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները Սոչիի մէջ 31 հոկտեմբերի գագաթնաժողովին»,- ըսած է մշտական ներկայացուցիչը։