21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ մաղթանքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ, ժամը 10։30-ին։