Կը հասնի պահը, պահը մեր հսկայ,
Թող արիւնիդ մէջ վախը սրսըփայ,
Դար մը արցունքներ աչքերէն ժայթքած,
Ծանըր ուսերուն վրէժնե՛ր շալկած,
Ու խաչը սրտին աներկիւղ, կայտառ՝
Կու գայ ետեւէդ պահը մեր հսկայ։
Երբ պահը հասնի՝ ապշած պիտ դիտես
Թէ ինչպէս ազգ մը, կամքով փառահեղ,
Եւ ափ մը հողով՝ աշխա՛րհ նըւաճեց,
Իսկ խուռն փաստովը, դատով անվեհեր՝
Այդ նոյն աշխարհին սուտըդ հաւաստեց,
Եւ երբ յանձնըվիս՝ ապշած պիտ դիտես։
Պիտ հասնի պահը, ու սիրտըդ ապշոպ,
Պիտ զգայ խռովք, տրոփին մէջ՝ ողբ,
Եւ շունչի կարօտ միտքըդ՝ մեծ փութով
Պիտ փորձէ փախչիլ աստուծմէն իր խորթ,
Ու սուրբ կանթեղին հայկեան մեր կորով՝
Պիտ աղերսէ միշտ քու սիրտըդ ապշոպ:
Թող հասնի պահը, հայո՛ց պատմութիւն,
Որ թուրքը վհատ, սիրտը քար, սոսկուն,
Յաւիտեան կոչուի «Դժո՛խք նենգութիւն»,
Թող վախով նայի մեր բորբ աչքերուն,
Ու երկնքի չորս կապոյտ էջերուն՝
Թող կարդայ աշխարհ «Հայո՛ց Պատմութիւն»։
ԿԱՅԼԱԿ
«Կրակ ու սէր»
(Յունիս 16, 2012)