image

Կոմիտասի բնակարաններէն մէկուն մէջ քոյր ու եղբօր դիեր յայտնաբերուած են․ shamshyan.com

Կոմիտասի բնակարաններէն մէկուն մէջ քոյր ու եղբօր դիեր յայտնաբերուած են․ shamshyan.com

Երէկ՝ 1 սեպտեմբերին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 20։10-ի սահմաններուն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն եւ ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Կոմիտասի պողոտայի թիւ 19 շէնքի բնակարաններէն մէկէն տհաճ հոտ կը զգացուի, բնակիչներն ալ մի քանի օր է, չեն արձագանգեր դրան եւ հեռախօսազանգերուն։ 

Ինչպէս կը հաղորդէ shamshyan.com-ը , ժամանած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան թիւ 5 հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 1 մարտական հաշուարկ։ Փականագործներու օգնութեամբ բանալով դուռը՝ պատշգամի յատակին եւ լոգասենեակի յատակին յայտնաբերուած են դիեր։ 

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ դիերու վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։ Քննիչի որոշմամբ նշանակուած են դատաբժշկական փորձաքննութիւններ։ 

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածները քոյր ու եղբայր են՝  57-ամեայ Աշոտ Վարդանեանն ու 53-ամեայ Աշխէն Վարդանեանը։ 

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։