image

«Կրակի հետ խաղալ»․ ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին Ամանորէն ետք

«Կրակի հետ խաղալ»․ ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին Ամանորէն ետք

Այս իրականութեան լոյսին ներքոյ, Լիբանան եւ լիբանանցիները կանգնած են ընտրութեան առջեւ՝ դուրս գալ արտաքին ազդեցութիւններէն եւ պահպանել սեփական երկիրը, կամ ենթարկուիլ ճնշումներուն ու դառնալ հերթական զոհը տարածաշրջանային խաղաքարտերու։ Բանակի մերժումը մտնել ներքին ճահիճին մէջ կը ծառայէ որպէս ցուցիչ, որ երկրի պաշտպանութեան համակարգը պատրաստ է խուսափիլ անդառնալի աղէտէն։ Սակայն, եթէ կառավարութիւնը կամ արտաքին ուժերը ճնշումը շարունակեն, երկիրը կը դառնայ «փոքր Սուրիա»՝ մշտական անկայունութեամբ, ուր ժողովուրդը կրկին պիտի վճարէ գինն ու իր ապագան։

Ամփոփելով, Լիբանանի ապագան այսօր կախուած է երկու բանն՝ ներքին համախմբումէն եւ բանակի հաւասարակշռուած դիրքորոշումէն։ Աշխարհի գերտերութիւնները, ի տարբերութիւն երկրի բանակին ու ժողովուրդին, նպատակ չունին կայունութեան ապահովման, այլ միայն իրենց քաղաքական ու ռազմավարական շահերը առաջ մղելու։ Ոչ մէկ այլընտրանքային ճանապարհ գոյութիւն չունի, քան լիբանանեան ներքին միասնութիւնը եւ արտաքին խաղերուն դիմադրութիւնը, որպէսզի երկիրը չերթայ նոր արիւնահեղութեան եւ քաոսի։

Լիբանանի մէջ ճգնաժամերը նորէն կը դնեն երկիրը ճակատագրական շրջանի առջեւ։ Ամերիկեան վերջին ճնշումները եւ սահմանային լարումները պարզօրէն ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը երբեք Լիբանանի կայունութիւնը չէ, այլ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն անվտանգութիւնը։ Վերջին 2 տարիներուն ընաթցքին Իսրայէլ հարուածեց Լիբանանի հարաւը՝ թուլացնելով «Հըզպալլա»յի դիրքերը, սակայն չկարողացաւ  այդ կուսակցութիւնը արմատախիլ ընել...։ Թէլ Աւիւ կը պահանջէ վերջնական լուծում, եւ այդ առաքելութիւնը «վստահած է»։ Միացեալ Նահանգներուն։ԱՄՆ իր կարգին մեծ ճնշումներ գործադրեց Լիբանանի կառավարութեան վրայ՛ որուն ի հետեւանք վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «ստիպուած եղաւ» «Հըզպալլա»ի զէնքը բացայայտ կերպով  «ապօրինի» համարել ու պահանջել, որ այդ կազամկերպութիւնը զինաթափուի։ 

 Շուրջ տաս օրեր առաջ լիբանանեան հարցերով ամերիկացի ներկայացուցիչներ՝ Թոմ Պարաք եւ Մորկան Օրթակիւս, Պէյրութ այցելութեան ժամանակ միայն մէկ նիւթի վրայ կեդրոնացան ՝ «Հըզպալլա»ի զինաթափումը։ Ներքին քաղաքական ուժերը եւս կը ճնշումներ կը գործադրեն երկրի բանակին վրայ «Հըզպալլա»ն զինաթափելու համար, սակայն բոլորն ալ գիտեն, որ նման քայլը կրակի հետ խաղալ է։ Զինաթափման փորձը չափազանց վտանգաւոր է եւ կրնայ երկիրը տանիլ նոր արիւնահեղութեան եւ քաոսի։ Ամերիկացիները, գիտակցելով իրավիճակին ծանրութիւնը, կը փորձեն  ժամանակ շահիլ եւ պատրաստուիլ յառաջիկայ փուլին, որ ըստ  շարք մը վերլուծաբաններու  ընթացք պիտի առնէ 2026 թուականի Յունուարին։

Լիբանանի մէջ վստահութիւնը ամերիկեան «խոստումներուն» հանդէպ օրըստօրէ կը նուազի։ Նոյն այն շրջանակները, որոնք պատրաստ են «մարտական կեցուածք» ընդունիլ «Հըզպալլա»յի դէմ, կը զգան, երկրին մէջ իրավիճակը  շատ արագ կրնայ պայթիւնավտանգ դառնալ։ Բոլոր կողմերը կը փորձեն միաւորներ կուտակել եւ շահ ապահովել «խաղատախտակին» վրայ՝ երբեմն ծայրայեղ միջոցներով։ Այս իրավիճակը նոր լարումներ կը ստեղծէ եւ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական միջավայրին վրայ։

 Այս բոլորէն անդին լիբանանեան բանակը, կը շարունակէ մնալ որոշիչ գործօն։  Միւս կողմէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռոտոլֆ Հայքալ հրապարակաւ կը յայտարարէ որ ինք կը նախընտրէ հրաժարական տալ, քան զինուժը մղել ներքին արիւնահեղութեան։ Անոր խօսքերը բոլորին համար ազդանշան են, որ բանակը պատրաստ չէ դառնալ ճգնաժամի գործիք եւ ինքնուրոյն գործելու վճռականութիւն ունի։Իր կարգին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աուն համակերպած է այս դիրքորոշման հետ, մինչդեռ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կը շարունակէ ճնշել զինաթափման գործընթացը իրականացնելու յոյսով, նշելով , որ «Հըզպալլա»ի զինաթափումը ռազմավարական եւ քաղաքական յաղթանակ պիտի ապահովէ։ Սակայն իրականութիւնը փաստօրէն հակառակն է՝ այս քայլը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ։

Հաւանական սցենարները մինչեւ 2026-ին ահաւոր են։ Առաջինը քաղաքացիական բախումն է. եթէ կառավարութիւնը փորձէ զինաթափել «Հըզպալլա»ն պետական որոշումով ու բանակի միջոցով, բռնութիւնները կը սկսին յառաջիկայ Յունուարին, եւ փոքր հակամարտութիւնները կրնան արագ վերածուիլ լայնածաւալ ներքին պատերազմի։ Երկրորդը՝ քաոս եւ տնտեսական փլուզումն է, քանի որ լարումները միջազգային ներդրումները եւ արաբական օժանդակութիւնները կը խզուին, խորացնելով դրամատնային ճգնաժամը, բերելով նոր աղքատութեան մակարդակ եւ զանգուածային արտագաղթ։ Երրորդը՝ միջազգային միջամտութիւնն է. Լիբանանի ճակատագիրը կրկին դուրս պիտի գայ լիբանանցիներու ձեռքէն. Ամերիկա, Իսրայէլ, Իրան, թերեւս նաեւ Ռուսաստան ու Եւրոպա պիտի փորձեն պարտադրել իրենց շահերը՝ օգտագործելով տարբեր խմբաւորումները, ինչ որ լրիւ կը խաթարէ երկրի ինքնավարութիւնը։

Ամերիկեան պաշտօնատարներու խօսքերը՝ Լինտզի Կրէհեմի օրինակով, կը փաստեն, որ ամերիկեան ռազմավարութիւնը ուղղուած է «Հըզպալլա»ի վերջնական վնասազերծման եւ Իրանի ազդեցութեան թուլացման։ «Եթէ խաղաղ լուծում չգտնենք, պիտի մտածենք այլընտրանքային ծրագիրներու մասին», - ըսած է Կրէհեմը՝ շեշտելով, որ իրենց նպատակն է ոչ թէ երկիրը կայունացնել, այլ Իսրայէլի շահերը պաշտպանել։

Այս բոլոր պարագաներով՝ Լիբանանը արագ կը մղուի ճակատագրական շրջանի։ Ամերիկեան ճնշումները, որոնք ուղղուած են «Հըզպալլա»ի զինաթափման, չեն խոստանար խաղաղութիւն, այլ ընդհակառակն՝ կրնան յառաջացնել քաղաքացիական նոր բախումներ։ Նոր լարումները կը խորացնեն  ներքին պառակտումը եւ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութիւնը։

Այս անորոշ վիճակին մէջ ժողովուրդը կը կորսնցնէ վստահութիւնը պետական ու միջազգային կառոյցներու հանդէպ։ Ամէնօրեայ կեանքին մէջ զգալի է վախը ու յուսահատութիւնը։ Մեծաթիւ ընտանիքներ արդէն կը մտածեն արտագաղթի մասին, մինչդեռ երիտասարդ սերունդը կը զգայ, որ իր ապագան արդէն փուլ եկած է։ Լիբանանեան Սփիւռքը, որ միշտ կարեւոր օժանդակութիւն բերած է, այսօր եւս բարձրաձայն կը քննադատէ ամերիկեան ճնշումները եւ կը փորձէ իր ձայնը լսելի դարձնել միջազգային ատեաններու մէջ։ Սակայն հարցը այն է՝ արդեօք աշխարհը ունակ պիտի ըլլա՞յ լսելու լիբանանցիներու իսկական պահանջը, թէ պիտի շարունակէ խաղալ անոնց ճակատագրով։

Այսօր ակնյայտ է, որ արտաքին ուժերը ոչ միայն կը մրցին  իրար դէմ, այլ նաեւ կը շահագործեն լիբանանեան ներքին պառակտումները։ Այս մրցակցութիւնը կ՚ունենայ շատ աւելի խորքային հետեւանքներ, քան պարզ սահմանային լարումները․ ան կը կտրատէ լիբանանեան հասարակութեան հիւսուածքը եւ զայն կը վերածէ մշտական ճնշման տակ ապրող ժողովուրդի։ Այդ է պատճառը, որ բանակի կեցուածքը՝ չմասնակցիլ ներքին բախումներուն, կը դիտուի իբրեւ վերջին պատնէշը քաոսէն խուսափելու։

Երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական դասաւորումները ստեղծած են իրավիճակ, երբ բոլորը պատրաստ են խաղալ ծայրայեղ միջոցներով։ Ժողովուրդը վախով կը նայի, որ կառավարութեան որոշումը կրնայ այն դուրս բերել խաղաղութեան ճանապարհէն։ Այս պայմաններուն մէջ լիբանանեան բանակը պահած է զսպում եւ պատրաստակամութիւն՝ երկրի ներսի բռնութիւնը կանխելու համար, ինչը միակ գրաւականն է՝ խուսափելու համար նոր աղէտալի բախումէն։

Մէկ խօսքով Լիբանանի ապագան կախեալ է ներքին համախմբումէն եւ արտաքին ճնշումներուն դիմադրութիւնէն։ Միակ լաւատես ելքը երկրի ազգային եւ քաղաքական միասնութիւնն է՝ ուժեղ «Ոչ» ամերիկեան եւ այլ արտաքին խաղերուն։ Որովհետեւ ամերիկեան ռազմավարութիւնը երբեք ուղղուած չէ Լիբանանի ընդհանուր շահին, այլ միայն Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովմանը։

Այս իրականութեան լոյսին ներքոյ, Լիբանան եւ լիբանանցիները կանգնած են ընտրութեան առջեւ՝ դուրս գալ արտաքին ազդեցութիւններէն եւ պահպանել սեփական երկիրը, կամ ենթարկուիլ ճնշումներուն ու դառնալ հերթական զոհը տարածաշրջանային խաղաքարտերու։ Բանակի մերժումը մտնել ներքին ճահիճին մէջ կը ծառայէ որպէս ցուցիչ, որ երկրի պաշտպանութեան համակարգը պատրաստ է խուսափիլ անդառնալի աղէտէն։ Սակայն, եթէ կառավարութիւնը կամ արտաքին ուժերը ճնշումը շարունակեն, երկիրը կը դառնայ «փոքր Սուրիա»՝ մշտական անկայունութեամբ, ուր ժողովուրդը կրկին պիտի վճարէ գինն ու իր ապագան։

Ամփոփելով, Լիբանանի ապագան այսօր կախուած է երկու բանն՝ ներքին համախմբումէն եւ բանակի հաւասարակշռուած դիրքորոշումէն։ Աշխարհի գերտերութիւնները, ի տարբերութիւն երկրի բանակին ու ժողովուրդին, նպատակ չունին կայունութեան ապահովման, այլ միայն իրենց քաղաքական ու ռազմավարական շահերը առաջ մղելու։ Ոչ մէկ այլընտրանքային ճանապարհ գոյութիւն չունի, քան լիբանանեան ներքին միասնութիւնը եւ արտաքին խաղերուն դիմադրութիւնը, որպէսզի երկիրը չերթայ նոր արիւնահեղութեան եւ քաոսի։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...