image

Կիրակիս...Հալէպ. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Կիրակիս...Հալէպ. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Չորսին հինգ մնացած արդէն «Արամ Մանուկեան» կեդրոնն եմ, ինչ որ սենեակ մը երրորդ յարկին վրայ։ Լրջութիւն, քայլերգ, ներկայ-բացակայ, խօսք և պատգամ, զեկոյց, դասախօսութիւն ու արդէն ժամը վեցն է։ Երրորդ յարկէն ընդհանրապէս քալելով կ’իջնենք, որովհետեւ հայրիկը վերելակը կեցուցած է այն պատճառով, որ շատ մարդ կայ եղեր օգտագործող։ Կարեւորը, որ մինչև վեց անց կէս կարելի է «Սպիտակ» մնալ ու նայիլ՝ ով կ’երթայ-կու գայ, ով ինչ ժողով ունի, ով ինչ հանդիպում ունի։ Յետոյ, խումբով ուղղուիլ դէպի Ազիզիէ։ Ազիզիէի մէջ գրաւիչ շատ տեղեր կան, նայած՝ այդ արշաւդ ինչ նպատակով է. ամմօ Վազգէնը, կաթոճի Ռիատը, «Փիզզա Զաուիյէ», տիսքոթէք՝ «Դասժիլաթ Ֆլոյտ»ը, «Համպըրկըր Մեթրո»ն, հագուստեղէնի խանութները, նախշուն նախշուն աղջիկներ, «Պաղպաղակ Սալլորա»ն, շալլալի քարին վրայ «ղաչախ» սպադրիններ և կօշիկներ։ Ժամը արդէն ինն է։ Արշաւը հասած է աւարտին՝ վերադարձ դէպի տուն, ու անպայման պապայէն կամ մամայէն հետեւեալ նախադասութիւնը. «նորէ՞ն ուշացար. վաղը դպրոց ունիս։» 

Այսպէս էր Կիրակիս Հալէպի մեջ։

 

Ժամը ճիշդ վեցն անց քսանհինգն է։ 

Միակ օրն է, որ ժամացոյցի զարթուցիչէն առաջ կ’արթննամ ու յաղթական շարժումով մը զայն կ’անջատեմ նախքան վեցուկէսի զանգը։ 

Միւս օրերը միշտ ինք կը յաղթէ իր զզուելի ձայնով։ 

Ճիշդ 10 վայրկեանէն հագուած կ’ըլլամ Հ.Մ.Ը.Մ. -ի նարնջագոյն թիւ 4 ֆութպոլի վերնաշապիկը, կապոյտ շորթը, կարմիր երկար գուլպան ու փողոց կը նետուիմ, ուղղութիւնս դէպի Սալլում հիւանդանոց, անոր դիմաց Նոր Գիւղի սերվիսը սպասելու համար։ 

Ի միջի այլոց, այդ տարիքին կը կարծէի, որ բոլոր սերվիս քշողները հայեր են։ «Բարի լոյս, ամմօ» կ’ըսէի, 2,5 սուրիականը մանրադրամով կու տայի ու կը յուսայի, որ մէկը քովս չի նստիր։ Քիչ անց նույն ամմոյին կ’ըսէի. «Հաճիս պըրճէն առաջ իջեցուր»։ Եօթը քիչ անց արդէն Ճեմարանն ենք։ Ֆութպոլ, կանչեր, դրօշակի արարողութիւն, ժողով-մողով.․․ Արդէն ժամը 10։30-ն է. պէտք է վազեմ՝ հասնիմ տուն, բայց ընթացքին կարելի է քիչ մը «Սպիտակ» հանդիպիլ ու տեսնել` ով կայ, ով չկայ։

Կէսօրին արդէն տունն եմ, ու ըստ Հալէպի աւանդութեան, ճաշը կամ քեպապ է, կամ… քեպապ: Անշուշտ մանղալը պատշգամի ծայրէն մշուշի մէջ կ՛առնէ չորս կողմը, ածուխը և հոտերը ամէն տեղ են․․․տուր, բեր, տար, դիր, լեցուր, պարպէ, կենաց-մենաց․․․․ կարեւորը 2։30-ին ճաշը պէտք է սկսի, որովհետեւ ճիշդ ժամը չորսին Ս.Ե.Մ. -ի ժողովս է։ Կեանքիս բոլոր Կիրակիներուն քեպապները շատ արագ կերած եմ այդ ժողովին պատճառով։ 

Չորսին հինգ մնացած արդէն «Արամ Մանուկեան» կեդրոնն եմ, ինչ որ սենեակ մը երրորդ յարկին վրայ։ Լրջութիւն, քայլերգ, ներկայ-բացակայ, խօսք և պատգամ, զեկոյց, դասախօսութիւն ու արդէն ժամը վեցն է։ Երրորդ յարկէն ընդհանրապէս քալելով կ’իջնենք, որովհետեւ հայրիկը վերելակը կեցուցած է այն պատճառով, որ շատ մարդ կայ եղեր օգտագործող։ Կարեւորը, որ մինչև վեց անց կէս կարելի է «Սպիտակ» մնալ ու նայիլ՝ ով կ’երթայ-կու գայ, ով ինչ ժողով ունի, ով ինչ հանդիպում ունի։ Յետոյ, խումբով ուղղուիլ դէպի Ազիզիէ։ Ազիզիէի մէջ գրաւիչ շատ տեղեր կան, նայած՝ այդ արշաւդ ինչ նպատակով է. ամմօ Վազգէնը, կաթոճի Ռիատը, «Փիզզա Զաուիյէ», տիսքոթէք՝ «Դասժիլաթ Ֆլոյտ»ը, «Համպըրկըր Մեթրո»ն, հագուստեղէնի խանութները, նախշուն նախշուն աղջիկներ, «Պաղպաղակ Սալլորա»ն, շալլալի քարին վրայ «ղաչախ» սպադրիններ և կօշիկներ։ Ժամը արդէն ինն է։ Արշաւը հասած է աւարտին՝ վերադարձ դէպի տուն, ու անպայման պապայէն կամ մամայէն հետեւեալ նախադասութիւնը. «նորէ՞ն ուշացար. վաղը դպրոց ունիս։» 

Այսպէս էր Կիրակիս Հալէպի մեջ։

 

 

 Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Նիւթը՝ «Տարբերակ-21»էն

 

Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախն...