Ի դէպ տեսանիւթին մէջ եւս երեւելի կը դառնար, որ նախարար Ֆայատ բնական վիճակի մը մէջ չէր, սակայն ինչ ալ ըլլան հանգամանքներ նման վարք ընդունելի չէ, եւ այս մօտեցումներն անշուշտ աւելիով երեւելի սկսան դառնալ գրեթէ երկու տարի առաջ Լիբանանի մէջ «ծիլ տուած» եւ բացառապէս աւելի վատ վիճակներու տանող «յեղափոխութեան» շնորհիւ։
Լիբանանցի նախարար Ուալիտ Ֆայատ երէկ բռնութեան ենթարկուեցաւ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ, ուր տեսանիւթով մը (տեսնել ներքեւը) յայտնի դարձաւ, որ նախարար Ֆայատ յարձակման ենթարկուած է իրենք զիրենք բողոքող երիտասարդներ ներկայացնող խումբի մը կողմէ։
Նախքան նախարարին դէմ եղած բռնութիւնը նոյն երիտասարդները բանակռիւի մը ձեռնարկած էին եւ մեղադրական խօսքեր հնչեցուցած Ֆայատին դէմ (Ֆայատ Լիբանանի ուժանիւթի նախարարն է) նշելով, որ մինչ ամբողջ երկիրը մթութեան մէջ, անդին ինք նախարարը ինքզինքին թոյլ տուած է սրճարաններու մէջ գտնուիլ։
Խումբ մը երիտասարդներ խուլիկանութիւն կը գործադրեն Լիբանանցի նախարար Ուալիտ Ֆայատին դէմ @arevelk1 pic.twitter.com/q471Dn4vbP
— arevelk.am (@arevelk1) April 25, 2022
Ի դէպ տեսանիւթին մէջ եւս երեւելի կը դառնար, որ նախարար Ֆայատ բնական վիճակի մը մէջ չէր, սակայն ինչ ալ ըլլան հանգամանքներ նման վարք ընդունելի չէ, եւ այս մօտեցումներն անշուշտ աւելիով երեւելի սկսան դառնալ գրեթէ երկու տարի առաջ Լիբանանի մէջ «ծիլ տուած» եւ բացառապէս աւելի վատ վիճակներու տանող «յեղափոխութեան» շնորհիւ։
Նոյն առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ նախարար Ֆայատ այսօր դատական հայց ներկայացուցած է զինք հարուածողին դէմ եւ կը սպասուի նաեւ որ իրաւապահ մարմիններ նոյն խնդրին առընթեր անցնին յստակ գործողութիւններու։
Համադրուած լուրը՝ «Արեւելք»ի