Կէս գիշերն անց Խրիմի կամուրջը թիրախ դարձած է Ուքրանական ուժերու հարուածներուն։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց «Ալ Արապիա» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հարուածները եղած են կէս գիշերն անց եւ անոնք պատճառ դարձած են որ կամուրջը ժամանակաւորապէս դադրի գործելէ։
Միւս կողմէ ուքրանական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղածը յատուկ գործողութիւն մըն էր կազմակերպուած երկրի ծովային հրամանատարութեան եւ մասնայատուկ ուժերու վարչութեան կողմէ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Խրիմի կամուրջը հարուածներու կ՚ենթարկուի։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպքին հետեւանքով ինկած են զոհեր եւ վիրաւորներ։
