Հանրայայտ խմբավար, Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակներու դափնեկիր, ժողովրդական արուեստագէտ, 100-է աւելի մետալներով, վկայագրերով պարգևատրուած փրոֆեսէօր, մեծ արուեստագէտ, նշանաւոր պոլսահայ… Անուն, որ համաշխարհային մակարդակի հասցուց հայ խմբավարական ու երգչախմբային արուեստը՝ արժանանալով աշխարհի մեծերու ամէնաշռայլ խօսքերուն և գնահատանքներուն: 1961 թուականին Յովհաննէս Չէքիճեան, իբրև երիտասարդ խմբավար ու երաժշտագէտ Պոլիսէն անցած է Երևան և նոյն թուականէն ալ դարձած է Հայաստանի Պետական Երգչախումբի ղեկավար: (երգչախումբը հիմնուած է 1937-ին): Այդ թուականէն ի վէր, արդէն 53 տարի ան իր կեանքը անխզելիորն կապած է Հայաստանի Պետական Երգչախումբին հետ՝ իրաւացիորեն վաստակելով <<մաէսթրօ>> տիտղոսը։ Անոր ղեկավարութեան ներքև, պետական երգչախումբը թռիչքներ արձանագրած է ու բարձունքներ նուաճած է հայկական դասական թէ՛ ժողովրդային երգերու մատուցման մէջ։ Իր ստեղծման օրէն Հայաստանի պետական երգչախումբը բարձր կատարողական վարպետութեամբ ներկայացուցած է իր երգացանկը` Կոմիտաս, Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Տիգրանեան, Արամ Խաչատրեան, Առնօ Պապաճանեան, Ալեքսանդր Յարութիւնեան և բազմաթիւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: Ատոնց աւելցած են հայ հեղինակներու չէքիճեանական մշակումները:
Ան էր, որ վերանորգեց Կոմիտասի և յաջորդ հանճարներուն հետ հաղորդակցութիւնը, բարձր մակարդակի հասցուց հայ արուեստը, աւելին, փրոֆեսոր Չէքիճեան մարմնաւորեց Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը, այն օրերուն, երբ ծանօթ պատուարներ գոյութիւն ունէին։ Ան երգչախմբային երգարուեստի ճամբով եղաւ այդ պատուարները խորտակողներէն մէկը, անոր ղեկավարած երգչախումբին <<Երևան-Էրեբունի>>ն, <<Սարդարապատ>>ը ու կոմիտասեան երգերու շարքերը խռովեցին աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հոգիները, հպարտութեամբ լեցուցին սիրտերը…
Եւ ահա Յովհաննէս Չէքիճեան 85 տարեկան է: Ան ծնած է 1928 թուականին, և անցեալ տարուայ Դեկտեմբերէն մինչ այս տարուայ Դեկտեմբեր Հայաստանի մշակութային աշխարհին մէջ պետական մակարդակով յայտարարուած էր չէքիճեանական տարի: Տասնեակ յոբիլենական միջոցառումներ տեղի ունեցան անցնող մէկ տարուայ ընթացքին, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը տպագրեց մեծածաւալ հատոր մը, որ ի ցոյց կը դնէ արուեստագէտին ապրած ամբողջ կեանքը, մանաւանդ, գիրքին մէջ զետեղուած են հայ և համաշխարհային մեծերու գնահատանքի խօսքերը՝ Չէքիճեանի արուեստի մասին: Զետեղուած են նաև հայ և օտար մամուլի արձագանքները՝ թէ՛ արուեստագէտի, թէ՛ համերգներու մասին (ատոնց մէջ են նաև՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ տարբեր տարիներու տպուած հոդուածները՝ Յովհաննէս Չէքիճեանի մասին):
Իսկ 85-ամեակի առթիւ այն փորձասրահին մէջ, ուր սովորաբար իր փորձերը կ՛ընէ Պետական Ակադեմիական Երգչախումբը, ամբողջական պատեր զարդարած են թէ երգչախումբի, թէ՛ մայէսթրօյի ստացած պատուոգրերով, մրցանակներով, յիշարժան լուսանկարներով՝ աշխարհի բոլոր նշանաւոր բեմերուն վրայ իր խմբավարական փայտիկը ձեռքին՝ հազարաւոր հանդիսականներու առջև:
Այդ փորձասրահին մէջ ալ Յովհաննէս Չէքիճեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, սիրով յուշեր պատմելով թէ՛ իր մանկութենէն, թէ՛ հետագայ տարիներէն:
-Մայէսթրօ, ի՞նչ կը յիշէք Ձեր մանկութենէն: Պոլիսէն:
-Կը յիշեմ ամէն ինչ: Մանկութեանս, պատանեկութեանս, երիտասարդութեանս յուշերը միշտ կ՛ուղեկցեն զիս: Պզտիկ տարիքէս ինձի սորուեցուցած են ամէն կիրակի հաճախել եկեղեցի, հօրական կողմէս մեծ մայրս զիս միշտ կը տանէր իր հետ: Ինք ինձի համար միշտ Աստուածաշունչ կը կարդար, կը տանէր օրհնուած ջուր խմելու, որ քիչ մը հեռու էր եկեղեցիէն:
Ես մեծցած եմ արուեստասէր ընտանիքի մէջ. հայրս, հակառակ որ արհեստաւոր էր, բայց ջութակ կը նուագէր,մայրս ալ դաշնակահար էր, անշուշտ արհեստավարժ չէին անոնք, բայց զիս շատ տպաւորած է իրենց նուագը: Հայրս եղած է Կոմիտասի սաներէն մէկը, ամէնէն կրտսերներէն եղած է ան: Կը յիշեմ հօրս ընկերները՝ Կոմիտասի միւս սաները,կը հաւաքուէին մեր տունին մէջ և պատառիկներ կամ ամբողջական կտորներ կ՛երգէին Կոմիտասի երգչախումբային ցանկէն: Այդ մէկը յատկապէս տպաւորած է, ես երգեր ու մեղեդիներ սորուած եմ այդ ժամանակ:
Հայրս կ՛ուզէր որ ես իր պէս կաշէագործ դառնայի, գնայի իր ճամբովը, բայց երաժշտական ուղիով գնացի, Ստամբուլի երաժշտանոցին մէջ ուսանեցայ: Փարիզի մէջ ալ ուսանած եմ, բնագէտ-ճարտարագէտի մասնագիտութիւն ստացած եմ, բայց երբէք չեմ աշխատած այդ գործով:
Ստամբուլի մէջ բաւական գործունեութիւն ծաւալեցի, թէ՛ հայկական միջավայրին մէջ, թէ՛ թրքական: Հոն երգչախումբ ալ հիմնեցի: 1946-1960 թթ. (1951-1954 ընդմիջմամբ) Իսթամպուլի Պետական Երգչախմբի գլխաւոր խմբավարի տեղակալն էի, միաժամանակ 1958-61 թթ. Իսթամպուլի Օփերայի երաժշտական ղեկավարը։
...Այսօր ես շատ կը կարօտնամ իմ ծննդավայրս, ինձի համար հիմա մանաւանդ շատ դժուար է հոս՝ Հայաստանի մէջ, երբ առանձին մնացի... Շատ միայնակ կը զգամ ինքզինքս... Հաճախ կը յիշեմ իմ ծննդավայրս, որու օդն ու ջուրը տարբեր է, ծովու օդը կը կարօտնամ, որ հոս չկայ: Հոն ծննդավայրս է, բայց հոս ալ հայրենիքս է: Ես կրնայի հազար ու մէկ երկրի մէջ ապրել, ուր գնացած եմ, ինչ նուագախումբի հետ աշխատած եմ, ինձի ուզած են պահել իրենց քովը, բայց ես միշտ Հայաստան վերադարձած եմ:
Բայցևայնպէս, ուրախ եմ, որ Հայաստան գալէն ետք Պոլիս այցելած եմ հաճախ,ամէն այցիս, բոլոր յիշողութիւններս կը վերականգնուին, ընկերներուս, բարեկամներուս կը հանդիպեմ, այս տարի ալ կրցայ երգչախումբը Պոլիս տանել:
-Ինչպէ՞ս եկաք Հայաստան:
-1961 թուականին հոնտեղէն հոս թռչուն չէր գար, բայց ես եկայ: Նախ Մոսկուայ գնացի՝ աշխատելու նպատակով, բայց հոնտեղէն եկայ Հայաստան: Ըսեմ, հայրենադարձի կարգավիճակով չեմ եկած և ոչ ալ ոևէ մէկ օր զիս հայրենադարձ զգացած եմ: Եկած եմ աշխատելու, հայրենիքին օգտակար ըլլալու և արուեստի մէջ երկիրը առջև տանելու : Այսօր կրնամ ըսել, որ գոհ եմ իմ անցած ճանապարհէս: Բայց երբեմն կը խորհիմ՝ արդեօ՞ք ես պէտք է այլ գործ ընէի… Ամէն մարդ իր չունեցածին կը ձգտէ: Մարդ կայ, իմ ունեցած փառքս չունի, իմ ստացած ծափերէս մէկ մասն անգամ չէ ստացած, բայց աւելի շատ բաներու հասած է…
-Գո՞հ էք 85-ամեակի յոբիլեանական ձեռնարկներէն:
-Նախ ես չէի սպասէր, որ ամբողջ տարի մը յայտարարէն մարդու մը յոբիլանական տարի՝ իր կենդանութեան օրոք, այսպիսի բան չէր եղած: Այդ մէկն անակնկալ էր ինձի համար: Ատիկա կը խօսի գնահատականի մասին, որ մարդը կը գնահատէն իր կենդանութեան օրոք: Տասնեակ միջոցառումներ եղան, հատորը հրատարակուեցաւ… Շքանշան չտուին, որովհետև ամէն շքանշանները ստացած եմ, ալ բան մը չէ մնացած, որ զիս չեն տուած, թէ՛ Խորհրդային Միութեան, թէ՛ անկախ Հայաստանի բոլոր շքանշանները, որ կը տրուի արուեստագէտի մը, ես ստացած եմ, չհաշուած միջազգային մրցանքներն ու գնահատականները: Կը փափաքէի միայն, որ իմ մասին տպուած հատորի շնորհանդէսը ըլլար իմ ծննդավայրիս մէջ, կ՛ուզէի իմ բարեկամներս, հայրենակիցներս այս հատորիս միջոցաւ կրկին տեսնէին իմ անցած ճանապարհս: Ես փառքի գագաթնակէտին յայտնուած եմ ու կրնամ ըսել, որ հպարտ եմ իմ ծագումովս, իմ պոլսեցի ըլլալովս, որ ինձի տուած է ամէն ինչ: Հիմա տարիքս անանկ է, որ հին ընկերներէս շատեր արդէն չկան, բայց նորերը գիտեն զիս անունով:
-Իսկ շքանշանները կարևո՞ր են:
-Չունեցողին համար կարևոր են, ունեցողին համար ոչ մէկ արժէք ունին:
-Ովքե՞ր էին Չէքիճեանները, ուրկէ՞ եկած են:
-Բնիկ պոլսեցիներ էին, մեր մեծ հայրերը դրուագողներ եղած են, որ մետաղի վրայ մուրճով և այլ գործիքներով դրուագումներ կ՛ընէին: Չէքիճեաններ կան Պոլսոյ մէջ, բայց ազգական չենք, կապ մը չունինք: Իսկ ես այսօր Հայաստանի մէջ առանձին եմ, տիկինս մահացաւ 2000-ին, երախայ ալ չկայ, առանձին եմ: Կինս ալ պոլսեցի էր, միասին եկած ենք Պ ոլիսէն, ինք արուեստագէտ չէր, բայց իմ առաջին քննադատս ու գնահատողս էր, իր կարծիքը շատ կարևոր էր ինձի համար, երբ ինք դահլիճին մէջ նստած էր, ես տարբեր կերպ կը զգայի ինքզինքս:
-Երբեմն կը հանդիպեք իշխանութիւններուն, ի՞նչ կը խօսիք իրենց հետ, մտահոգութիւններ կը յայտնե՞ք:
-Ես շատ չեմ խառնուիր անոնց գործերուն, գիտեմ, որ իրենց աշխարհը իմ աշխարհէս տարբեր է, դիւանագէտներու գործերուն չպէտք է խառնուիլ: Մենք դիւանագիտական ասպարէզին մէջ չենք փայլած դարեր շարունակ, այսօր քիչ մը տեղաշարժ կայ կարծես, բայց մեր երկիրը պզտիկ երկիր է, ինչ ալ ընենք, պզտիկ կաթիլ մըն ենք աշխարհի հսկայ ծովին մէջ: Դիւրին չէ հոս ապրիլը, ո՛չ սարքաշինութիւն ունինք, ո՛չ գիւղատնտեսական ապրանքներու առաքումներ կ՛ընենք, ժողովուրդին վիճակը նախանձելի չէ: Իսկ երկրին ամէն սխալները դիւանագիտութեան պակասէն են: Հիմա մեր երկրի թիւ մէկ խնդիրն այն է, որ պատերազմ չ՛ըլլայ: Եթէ պատերազմ չ՛ըլլայ, երկիրն առջև կ՛երթայ, ով ալ ըլլայ ղեկավարը: Պատերազմի վտանգն է, որ մեր մեջքը կը կոտրէ: Իսկ գիտե՞ք որ աշխարհի բոլոր պատերազմները դիւանագիտական սնանկութեան հետևանք են: Փաստորեն, աշխարհի ամէնէն խելացի ղեկավարները Տուբայի արաբ շեյխերը դուրս եկան. անոնք գիտեն, թէ ինչ երկիր կ՛ուզեն, անոնք իրենց երկրի վաղը արդէն կերտած են, պատերազմ չեն ուզէր: Շատ առաջ գնացած են: Ինձի համար աշխարհի ամէնէն լաւ ղեկավարն այն է, որ վաղուայ մասին կը մտածէ, կը պատկերացնէ, թէ ինչպիսի պիտի ըլլայ իր երկիրը և ամէն ջանքերը կ՛ուղղէ այդ ուղղութեամբ:
-Նուագախումբի յաջողութիւններու մասին խօսեցաք, իսկ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեք:
-Դժուարութիւնները անոնք են, որ այսօր Հայաստանի մէջ բոլորը ունին, պետական աջակցութիւնը չի բաւէր, հովանաւորներ չկան, քիչ մը <<Վիվասելլ>> բջջային կապի ընկերութիւնը կ՛օգնէ, բայց շատ քիչ է: Առաջ ամէն տարի ութ-ինը անգամ հիւրախաղերու կ՛երթայինք, այնքան շատ էր, որ խումբի անդամները կը դժգոհէին, կ՛ըսէին, թէ տուն-տեղէն շատ կը բացակայինք, այսօր տարին մէկ-երկու անգամ հազիւ կ՛երթանք դուրս: Իսկ հիւրախաղերն ալ արուեստագէտին համար կարևոր են, ան պիտի աշխարհի բեմերուն մէջ երգէ, իր արուեստը հաղորդակից դարձնէ աշխարհին, բաւարարութիւն ստանայ, լիցքեր ստանայ: Հակառակ դժուարութիւններուն՝ մեր նուագախումբի մէջ արդէն քանի տարի է՝ թափուր տեղ չկայ, ամէն մարդ կ՛ուզէ մեր քով երգել, ամէն մարդ կ՛ուզէ իմ հետս աշխատիլ, բայց ես չեմ կրնար ամէն մարդու հետ աշխատիլ: Նուագախումբը լրացուած է: Մէկ ընտանիքի պէս ենք:
-Այդքան երկիրներ եղած էք, ո՞ր մէկ երկրի հանդիսականը գրաւած է Ձեզի:
-Մենք միայն 864 համերգ ունեցած ենք Հայաստանէն դուրս, շուրջ 184 քաղաքներու մէջ երգած ենք, միայն Սանկտ-Պետերբուրգի մէջ 96 համերգ ունեցած ենք, Մոսկուայի մէջ՝ 90 համերգ: Ես կրնամ ըսել, որ աշխարհի ամէնէն պատրաստուած հանդիսականը Սանկտ-Պետերպուրկի հանդիսականն է, անոնք ամէն համերգի ծրագիրը գոց սորուած կ՛ուգային, բոլոր բաժինները ուսումնասիրած կ՛ըլլային, զարմանալի հանդիսականներ են: Եւ աշխարհի 67 նուագախումբի հետ աշխատած եմ, ամէնէն լաւը Սանկտ-Պետերպուրկի նուագախումբը եղած է:
-Ի՞նչ ունիք ըսելու երիտասարդներուն:
-Երիտասարդներուն կ՛ուզեմ ըսել, որ միմեանց յաջողութիւններով ուրախանան, ոչ թէ նախանձեն: Կ՛ուզեմ, որ հասարակ երաժշտական ճաշակէն դուրս գան, դասական արուեստի հետ հաղորդակից ըլլան, դասական արուեստը կը բարձրացնէ, կը մաքրէ մարդու հոգին, ինչպէս և հոգևորը, աղօթքը: Ցաւոք սրտի, մեր երիտասարդներուն մէջ շատ են հասարակ, անցողիկ արժէքներով ապրողները: Թող ըլլան դիւանագէտ, առաջ տանեն այս երկիրը: Թող զարգանան, ըլլան դիւանագէտ, առաջ տանեն այս երկիրը:
-Մաէսթրօ, 85 տարի ապրած էք, ի՞նչ հասկցաք կեանքէն:
-Բան մըն ալ չհասկցայ: Ինչքան շատ ապրեցայ, այնքան բան մըն ալ չհասկցայ:
Հարցազրոյցը ՝ Անոյշ Թրվանցի
«Ժամանակ»