image

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի. Ինչպէ՞ս Փրկել Հայաստանը

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի. Ինչպէ՞ս  Փրկել Հայաստանը

Թուրքիոյ զինուած միջամտութիւնը եւ Ատրպէյճանին տրամադրած օժանդակութիւնը նախ Արցախի, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւններուն վրայ ռազմարշաւին ու հայոց ուղղուած սպառնալիքներն ու ճնշումները, հաւաքական Արեւմուտքին՝ ՆԱԹՕ-ի, ԵՄ-ի կամ առանձին պետութիւնները պէտք է կրկին համոզած ըլլան, որ Հայաստանի համար Ռուսիոյ այլընտրանքը չի կրնար Թուրքիան ըլլալ։ Ընդհակառակը․ պէտք է զսպել Անգարան եւ անոր միջոցով Պաքուն։

Դաշնակցական մտաւորականներու եւ հրապարակագիրներու ժամադրավայր դարձաւ «Յուսաբեր»ի ներկայ համարը։ Ինչպէ՞ս փրկել Հայաստանը, ո՛չ միայն Հանրապետութիւնը, ինչպէ՞ս փորձել առաւելագոյնը քաղել Արեւմտեան նոր տրամադրութիւններէն, առանց Իրանին ոտնաթաթը տրորելու, եւ առանց Ռուսիան դուրս հրաւիրելու Հայաստանի Հանրապետութենէն։ Միակ նպատակ ունենալ ազատ, անվտանգ եւ ծաղկող երկիր կերտելու ունենալու նոր հնարաւորութիւն ստանալը, կորսնցնելէ ետք անցած տասնամեակները։

Կարելի՞ է այս բարդ հաւասարութիւնը կիրառել եւ գոհացուցիչ արդիւնք ստանալ։ 

Մեր կարծիքով՝ այո՛։ Պայմանն այն է, որ նախ յաջողինք համաշխարհային բեւեռներու միջեւ դրական չէզոքութիւն պահպանել, մաս չդառնալ անոնց պայքարին, ապա՝ ներգործօն մասնակցութիւն ունենալ չէզոքացնելու՝ ուժի տրամաբանութենէն դուրս բերելու օրէնքը, իրաւունքը եւ արդարութիւնը, թոյլին թէ հզօրին հաւասարապէս անոնցմէ նպաստաւորուելու անկողմնապահ եւ անկաշառ ատեան ձեւաւորել։

Ասիկա առաջին հերթին կ’ենթադրէ որոշել՝ ինչ կ’ուզենքը։

Այսօր բոլորը համաձայն են՝ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ, ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ։

Ուրեմն խօսինք անոնց մասին։ Ինչպէ՞ս չէզոքացնել թուրք-ատրպեճանական եւ իրենց ետին գտնուողներու զինու սպառնալիքը, նա՛եւ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը պահու թելադրանքէն անդին չտարածել եւ ապագայի հաշւոյն պարտաւորութիւններ չստանձնել ու չժառանգել։

Ազգովին ունինք առաւելութիւն մը, զոր որքան ալ փորձեն հայ թէ օտար չկամները ծուռ հայելիով ցուցադրել, փաստը չեն կրնար հերքել։ 

Ունինք իրաւունք՝ մեր հայրենի հազարամեակներու հողերուն վրայ ապրելու, պաշտպանելու այդ իրաւունքը, ձգտելու հայրենի եզերքի ամբողջացման եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացման եւ այլն։

Մէկ դարու մէջ երկրորդ անգամն էր որ մեզմէ հզօր կայսերական ուժեր փորձեցին ու կը շարունակեն պնդել զինու ուժով իրենց յաղթանակներն ամրագրել իբրեւ թէ միջազգային իրաւունքով։ 

Ատկէ՛ պէտք է խուսափիլ եւ ճիշդ այդ նպատակին ծառայեցնել բարիք կամեցողներու կամ այդպէս ձեւացողներու խօսքերը, զանոնք փոխակերպել ազդեցիկ արարքի։

Ամերիկացիք, ֆրանսացիք, նոյնիսկ բրիտանացիք սկսած են բառեր չծամ- ծըմել, դատապարտելու ատրպեճանական նախայարձակումը, անոնցմէ ոմանք՝ նաեւ Թուրքիոյ դերը կ’ընդգծեն։ Սակայն խնդիր ունին այս կողմերը – Հայաստանի Հանրապետութեան հողերուն վրայ գտնուող ռուսական ուժերը եւ զանոնք շրջանցելու խնդիրը։ 

Մենք չենք ընտրած ռուսերը եւ անոնց ներկայութիւնը ՀՀ-ի թէ Արցախի մէջ։ Ամէն ոք ըստ ճաշակի կրնայ որակում տալ, բայց մեր խնդիրները չեն լուծուիր այդ կերպով․ մեր խնդիրը գոյաբանական է, մեր գոյութիւնը վտանգուած է։

Մեր դիւանագիտութիւնը այսօր այս հարթութեան վրայ պիտի աշխատի․ եթէ վտանգուած ենք եւ մէկը կամ միւսը կը փորձէ նպաստաւորուիլ այս վիճակէն՝ Ատրպէյճանէն կամ Թուրքիայէն զիջումներ կորզել փորձելով, զիրենք շահագրգռող խնդիրներ լուծել՝ ինչպէս ըրին Կիպրոսին 1878-ին, պէտք է կանխել եւ չթողուլ որ հայոց ճգնաժամը այլոց  սակարկութիւններու առարկայ դառնայ։

Ասիկա կարող մարդոց կարիքն ունին, ատակ մարդիկ որոնք կը ծառայեն ազգի ու հայրենիքի ներկային եւ ապագային ի խնդիր։

Թուրքիոյ զինուած միջամտութիւնը եւ Ատրպէյճանին տրամադրած օժանդակութիւնը նախ Արցախի, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւններուն վրայ ռազմարշաւին ու հայոց ուղղուած սպառնալիքներն ու ճնշումները, հաւաքական Արեւմուտքին՝ ՆԱԹՕ-ի, ԵՄ-ի կամ առանձին պետութիւնները պէտք է կրկին համոզած ըլլան, որ Հայաստանի համար Ռուսիոյ այլընտրանքը չի կրնար Թուրքիան ըլլալ։ Ընդհակառակը․ պէտք է զսպել Անգարան եւ անոր միջոցով Պաքուն։

Այս գործառոյթը ներկայ աշխարհին մէջ, եւ ընձեռուած միջոցներով, հնարաւորութիւն կու տայ առանց հողին վրայ ներկայութեան, ներկայ պահուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն նախ ընձեռել ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆՈՑ, որ պատժամիջոցներէն աւելին է եւ արգելակ՝ նոր յարձակումներու դէմ, անոր ընկերացնելով լուրջ եւ ցաւոտ զգուշացումներ։ 

Նման օգնութիւն ստանալ՝ կը նշանակէ ապահովել խաղաղ ժամանակ, որուն խելամիտ օգտագործումը ճամբայ կը հարթէ երկրի յառաջդիմութեան, վերակազմակերպման, սեփական մոդել մշակելու եւ յառաջընթացի։

Աշխարհաքաղաքական կողմերը պէտք է իմանան նախօրօք, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, չեն պատրաստուիր ԿԱՄՈՎԻ՛Ն մաս կազմել այս կամ այն զինակցութեան եւ ըստ այնմ դիրքաւորուիլ, եթէ նման կեցուածքներ չեն ենթարկուիր արտաքին սպառնալիքի։ 

Արեւելք-արեւմուտք երկընտրանքը չի ծառայեր մեր դատերուն։ Համակ- րութիւններն ու հակակրանքներն ալ տեղ չունին հոս։ Կան հնարաւորութիւններ՝ զորս եթէ ատակ չես առաւելագոյնս օգտագործելու եւ ծառայեցնելու ստեղծուած ճգնաժամի յաղթահարման, բոլորովին անտեղի կը դառնայ հռետորաբանութիւնը։

Նոյնը՝ ղեկավարներուն համար․ ղեկավար մը պէտք է նախ ըսէ թէ ի՞նչ ընելու կու գայ, ապա՝ ապացուցէ, որ վստահութեանը արժանի էր։ Երբ պատերազմին կը պարտուի մարդ ու ահռելի վնաս կը հասցնէ երկրին, յետոյ ալ կը վերընտրուի, այնուհետեւ իր կուսակիցները կ’ընտրուին ինքնակառավարման մարմիններու անդամ, երբ չեն ամչնար հասարակութեան աչքին երեւելէ եւ բարձր խօսելէ՝ կը նշանակէ որ սխալ բան մը կայ, բնական չէ։

Անձնատւութիւնները չեն որ հարցեր պիտի լուծեն այսօր, ոչ ալ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի երաշխաւորեն։

Կշիռքի հայկական նժարը պէտք է վերստին կազմել եւ ծանրութիւններ աւելցնել անոր, իբրեւ սկիզբ՝ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու համար եւ այնուհետեւ՝ յառաջ երթալ։