image

Խաչիկ Թէօլէօլեան. «Արդարութեան յագեցումը արդիւնաւէտ է, բայց շատ յաճախ՝ արիւնոտ…»

Խաչիկ Թէօլէօլեան. «Արդարութեան յագեցումը արդիւնաւէտ է, բայց շատ յաճախ՝ արիւնոտ…»

Սփիւռքահայ հանրաճանաչ մտաւորականը Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

*

-Ձեր Հայաստան գտնուելու պատճառը «Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» խորագրեալ գիտական համաժողովն էր, ուր նաեւ ելոյթ ալ ունեցաք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ ժողովին մասին:

«Հայաստան 2018 - Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» համաժողովը կազմակերպուած էր Տքթ. Աշոտ Ոսկանեանի եւ Տքթ. Սիրանոյշ Դւոյեանի կողմէ՝ առաջինը փիլիսոփայ, երկրորդը՝ գրականագէտ: Համաժողովի իրականացման համար կարեւոր ներդրում ունեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը։ Համաժողովին քառասուն ելոյթներ կային եւ բազմաթիւ նիստեր՝ շատ խճողուած, յագեցած ու բարձր որակով: Քանի մը զեկոյցներ կային, որոնք իսկապէս տպաւորեցին զիս: Ես ալ ներկայացուցի հակիրճ զեկոյց մը՝ 15 վայրկեան տեւողութեամբ, ինչպէս նաեւ գլխաւորեցի նիստ մը:


-Պրն. Թէօլէօլեան, ձեր խօսքէն հասկնալի կը դառնայ, որ ժողովին մասին ձեր ունեցած տպաւորութիւնները ընդհանրապէս դրական են։ Կրնա՞ք փակագիծերը բանալ։

Ճիշդը, չէի ակնկալեր, որ այսքան որակաւոր կրնայ ըլլալ այս համաժողովը եւ այսքան յուսատու։ Զանազան առիթներով մասնակից եղած եմ նման համաժողովներու, բայց որպէս ընդհանուր մակարդակ կրնամ ըսել, որ այս ժողովի մակարդակը ամենաբարձրն էր:


-Դուք սփիւռքէն կու գաք եւ վստահօրէն զգացած էք, որ այնտեղ ալ, դրական կ՚արտայայտուին Հայաստանի մէջ արձանագրուած ապրիլ-մայիսեան դէպքերէն ետք։ Այդ դրական մթնոլորտը, որու մասին կը խօսուի սփիւռքի մէջ ալ, զգալի է՞ր Երեւանի մէջ։

-Այո՛, զգացի, սակայն առանց շօշափելու: Չկրցայ շօշափել, որովհետեւ շփումներս համեմատաբար շատ աւելի սակաւաթիւ էին, բայց իմ ունեցած շփումներուն ընթացքին երեւելի էր այդ դրական շեշտը։ Այսինքն մարդիկ յոյս ունին, բազմաթիւներ աւելի կամ նուազ իրատես ու լաւատես ձեւերով խօսեցան մօտաւոր ապագայի մասին՝ այդ խօսակցութիւնները վարորդի հետ ալ էր, սպասարկողի հետ ալ էր, ինչպէս նաեւ ինծի ծանօթ մարդոց հետ ալ էր: Այդ մօտեցումներուն աւելի բարդ եւ մտածուած տեսակը լսելի դարձաւ գիտաժողովին ընթացքին եւ գլխաւորաբար ըն-դունեցի թէ՛ մարդոց լաւատեսութիւնը եւ թէ ըսենք՝ լաւատեսութեան սահմանները, որովհետեւ ամէն մարդ ալ որոշ հարցադրումներ ունի: Իմ կարծիքով՝ ընդգծելի էր հետեւեալ մօտեցումը՝ կասկած չկայ, որ ժողովուրդը արդարութեան ծարաւը ունի, սակայն հարցը այն է, որ արդարութիւնը ինչպէս պիտի գործադրուի իրականութեան մէջ... բոլորը արդարութիւն կը պահանջեն, բայց նախ յստակ չէ, թէ «ուզուած» արդարութիւնը ի՛նչ է իրենց համար։ Օրինակի համար, յիսուն մեծահարուստներու հարստութեան գրաւո՞ւմ. այդ է արդարութիւնը, որքա՞ն արագ կարելի է նման բան մը կատարել: Արդեօք արդարութիւնը արդարօրէն կը կիրարկուի՞, այսինքն՝ մարդիկ, որոնք արդարութեան սկզբունքով տոգորուած են, անպայման չէ, որ ամենէն արդար ձեւով կը գործադրեն այդ բոլորը: Համաժողովին կային նաեւ յեղափոխութեան մասնագէտներ, ինչպէս՝ Ռանըլտ Սիւնին, որ Ամերիկայէն եկած էր: Սիւնի մեծ համբաւ ունի Ամերիկայի մէջ Ռուսական յեղափոխութեան իր ուսումնասիրութիւններով։ Անշուշտ ուրիշներ ալ նշեցին, թէ արդարութեան ծարաւին յագեցումը, ինչպէս բոլորս ալ գիտենք՝ երբեմն շատ արդիւնաւէտ է, բայց շատ յաճախ՝ արիւնոտ: Ուրեմն խնդիրներու լուծման տարբերակներու ներկայացումն ու քննարկումը ժողովին ամենէն հետաքրքրական մասերէն էր: Խօսուեցաւ նաեւ այսպէս կոչուած՝ «հասարակային դաշինք» նիւթին մասին, որ կը փոխառընչուի պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական այն համաձայնութիւններուն, որոնք կենսական են եւ պէտք է ըլլան հասարակութեան մը մէջ, որպէսզի ճիշդ ձեւով ընթանայ ամէն ինչ: Միայն օրէնք գրելը չի բաւեր, այսպէս կոչուած՝ հասարակական դաշինք մը պէտք է ըլլայ: Ամենէն հետաքրքրական եւ բարդ հարցումները անոնք էին, որ Հայաստանի մէջ կա՞յ, գոյացա՞ծ է, կրնայ գոյանա՞լ «հասարակական դաշինք» կոչուածը, երկրի մը մէջ, ուր վերջին քսան տարիներուն միայն ուղղակի եւ անուղղակի կոպիտ ուժի գործադրութիւնը տիրապետած էր: Անշուշտ այս բոլորը անձի մը տեսանկիւնէն դիտուած է։ Սա իմ հայեացքն է եւ կը խօսիմ գիտաժողովին ընթացքին իմ նկատած ուղենիշներուն մասին։ Հայաստանի մէջ կայ միայն մէկ համատարած դաշինք, այդ ալ կը կոչուի «Ղարաբաղը մերն է»... այս մէկուն շուրջ գրեթէ բոլորը միաձայն են: Սակայն միայն ասով անկարելի է ամբողջ բարդ հասարակութիւն մը կառավարել։ Անկէ անդին յեղափոխութեան գիտութիւնը կ՚ըսէ, որ երկու տեսակի հասարակական դաշինք գոյութիւն ունի՝ հորիզոնականը եւ ուղղահայեացը: Հորիզոնականը՝ «Ղարաբաղը մերն է» գաղափարն է, իսկ ուղղահայեացը՝ քիչ մը աւելի բարդ է՝ թէ՛ պետութիւնը ժողովուրդին տէրն է եւ թէ պետութիւնը ժողովուրդին ծառան: Ժողովուրդը կու տայ իր աշխատանքը, սահմանին վրայ կու տայ իր զաւակներուն արիւնը, կու տայ իր տուրքը... Պետութիւնը զանոնք կ՚առնէ, անոնցմով ի՞նչ կ՚ընէ, ետ ի՞նչ կու տայ ժողովուրդին: Ուրեմն այդ հասարակական դաշինքը տարբեր բնոյթ ունի տարբեր երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ իսկապէս օրինաւոր եւ վայել պետութիւն մը գոյութիւն պէտք է ունենայ եւ այդ ուղղահայեաց դաշինքի պայմանները աւելի պէտք է յստականան, երկու կողմերն ալ՝ պետութիւնը եւ ժողովուրդը, պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները։ Եւ փոփոխութիւններէն յետոյ միայն ակնյայտ կրնայ ըլլալ, թէ իրականացաւ այդ ուղղահայեաց դաշինքը թէ՝ ոչ: Ներկայիս շատ մը պետութիւններու մէջ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ պետութիւնը ձախողած է:


-Դուք երկար տարիներէ ի վեր կ՚ապրիք Արեւմուտքի մէջ. Միջին Արեւելքի հայերուս համար ձեւակերպում մը կայ, թէ սփիւռքի հայութեան մտաւորականութեան մակարդը այսօր Արեւմուտքի մէջ կ՚ապրի։ Ըստ ձեզի, այս ձեւակերպումը ճի՞շդ է: Այս մէկը կ՚ըսեմ, որովհետեւ կը յիշեմ, թէ վաղ ութսունականներուն հրապարակին վրայ գտնուող ազդեցիկ անուններ կային՝ Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան եւ դուք. մթնոլորտ մը կար, խօսք մը կար, սփիւռքի մէջ յանձնառու մտաւորականութեան թեւ մը կար։ Ի՞նչ մնաց այսօր ատկէ եւ եթէ վերացաւ՝ ինչո՞ւ:

-Այս հարցումին պատասխանել կարելի չէ, այդ հարցումին շուրջ կարելի է երկար երկխօսութիւն ունենալ, սակայն պատասխան չունիմ: Անուններ տուիր, լուսահոգի Վահէ Օշականը մահացաւ: Երբ Վահէն մահացաւ, ես կը յիշեմ, որ ինծի ծանօթ մը ըսաւ. «Խաչիկ մի՛ վիրաւորուիր, եթէ ասիկա ըսեմ, բայց մտաւորական չմնաց, Վահէն վերջին մտաւորականն էր»: Մնաց, բայց ճիշդ է որ ձեւով մը Վահէն վերջին մտաւորականն էր այն իմաստով, որ մարդը իր ամբողջ էութեամբ կլանուած էր իր մտաւորականի գործին ու տեսակին մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքը՝ ըլլա՛յ յեղափոխական քերթուածները, որոնք հսկայ փոփոխութիւն մտցուցին արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ, ըլլա՛յ իր դասաւանդութինը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (AUB) մէջ, ըլլայ իր երկխօսութիւննրը երիտասարդներուն հետ... հսկայական դեր ունեցան: Գրիգոր Պըլտեանը, չեմ կարծեր, որ ոեւէ բանիմաց անձ կը կասկածի, որ սփիւռքի ամենէն ակնառու գրողն է ներկայիս եւ արեւմտահայերէնի տիրապետող մը, որ իսկապէս անսովոր է: Մարկ Նշանեանը անհաւատալի ուժականութեամբ կը շարունակէ գրել, բայց ուշադիր պիտի ըլլաս, որ հասկնաս իր խօսքը:

*

 

Ուրիշներ ալ կան, օրինակ՝ Գերմանիոյ մէջ մինակ ծուարած Իշխան Չիֆթճեանը կայ: Ան գործունեայ կարեւոր մտաւորական մըն է: Սակայն կը պակսի ներկայիս այն, ինչ որ ժամանակին Պէյրութն ու Փարիզը մեզի նուիրած էին՝ մտաւորականներու խումբ մը, որոնք կրնային իրարու հետ խօսիլ, վիճիլ: Հիմա հակառակ որ, ինչպէս Իշխան Չիֆթճեան յաճախ կ՚ընդգծէ, համացանցը տեսականօրէն գոնէ առիթ կու տայ, որ բոլորս գրենք, խօսինք, վիճինք իրարու հետ... սակայն փաստօրէն ատիկա չի կատարուիր՝ ո՛չ Հայաստանի մէջ, ոչ ալ դուրսը: Խնդրականը սա է՝ նախ հայ մտաւորականութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ, այսինքն՝ Հայաստանի մէջ կա՛մ մտաւորական են, կամ գիտական մասնագէտ են եւ դուրսը անոնք, որոնք կա՛մ մտաւորական են, կա՛մ գիտական մասնագէտ, կամ երկուքը միասին. անոնք բոլորը կրնա՞ն մէկ հարթակի վրայ հանդիպիլ եւ վիճիլ իրարու հետ... ցարդ ոչ: Հայաստանի մէջ կայ հատուած մը գիտնականներու, որոնք պարզապէս կ՚արհամարհեն սփիւռքը, ուրիշ հատուած մըն ալ կայ, որ չեն կրնար արհամարհել, որովհետեւ չեն գիտեր, կան նաեւ շատ փոքր թիւով անձեր, որոնք կը հետեւին եւ կ՚ուզեն մօտէն հասկնալ սփիւռքը: Կան շատ կարեւոր անձեր, որոնք Հայաստան ուսանած են եւ վերջը Ամերիկա մեկնած են, ինչպէս՝ Արա Սանճեանի պարագան, շատ կարեւոր կապ մըն է Հայաստանի եւ սփիւռքի գիտնականներու եւ մտաւորականներու միջեւ, որովհետեւ քաջատեղեակ է երկուքին: Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանը կայ, որ կրկին Միջին Արեւելքէն է, Հայաստան ուսանած է, յետոյ՝ Օքսֆորտ եւ Ամերիկայի մէջ կարեւոր պաշտօն ունի որպէս գիտնական: Այսինքն կան շատեր, որոնք իրարմէ տարբեր ձեւերով աշխատանք կը տանին: Ես երբ անգլերէն լեզուով կ՚աշխատիմ եւ կը գրեմ, գիտաշխատող եմ, որ ըսենք որոշ դիրք մը նուաճած եմ, բայց երբ իբրեւ հայ մտաւորական աշխատանք կը տանիմ, այդքան ալ ակադեմական գործիչ մը չեմ... Ի վերջոյ մեծ տարբերութիւն կայ, որ մարդիկ երբեմն կ՚անտեսեն: Երկու տարբեր շրջանակներ կան՝ ակադեմական եւ մտաւորական։ Հայութեան պարագային ալ նոյնն է հարցը։ Եւ այս բոլորէն վեր հարց կը ծագի, համահայկական միտք կա՞յ, այդ համահայկական միտքը ի՞նչ տեսակի հաւաքներու մէջ պիտի դրսեւորուի, ի՞նչ տեսակի կայքերու վրայ պիտի արտայայտուի: Այսօր, երբ հաղորդակցութիւնը աւելի դիւրին է քան երբեք՝ հայ միտքի զանազան հատուածներ իրարու հետ չեն հաղորդակցիր, երկխօսութիւն չկայ, վէճ եւ անհամաձայնութիւն չեն ունենար եւ ինծի համար այդ մէկն է, որ կենսական է:


-Գիտէք, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, այսինքն՝ 1990-ական թուականներէն ի վեր, սփիւռքը պարապութիւն մը ապրեցաւ, որովհետեւ մինչ այդ սփիւռքի մէջ տարբեր հոսանքներ կային՝ պատմական Հայաստանի երազը կար, Մեծ եղեռնի խնդիրը ուրիշ հարթութեան վրայ էր, զինեալ պայքարը կար. այսօր սակայն բոլորովին ուրիշ սփիւռքի մը դէմ յանդիման ենք։ Կարծես տարբեր սփիւռքներ կան՝ Մերձաւոր Արեւելքի սփիւռքը կայ, Ամերիկայի սփիւռքը կայ, Հարաւային Ամերիկայի սփիւռքը կայ։ Ի՞նչ կը կատարուի սփիւռքի մէջ, ո՞ւր է սփիւռքի ապագան, ի՞նչ կ՚ուզէ սփիւռքը:

-Քու ըսածիդ մէջ կայ արդէն այն հակասութիւնը, որ սփիւռքեան հակասութիւնն է: Սփիւռքը, ինչպէս շատեր կ՚ըսեն, որոշ չափով վերացական յղացք մըն է: Իրականութիւնը այն է, որ սփիւռքի վայրեր կան եւ իւրաքանչիւր վայրի մէջ ի՛նչ կը կատարուի... Հարցը այն է, թէ այն ինչ որ հոն կը կատարուի, զուտ տեղական բնոյթ ունի, որքանով ալ արդիւնքն է սփիւռքի զանազան վայրերու միջեւ առկայ կապերու եւ կապերուն Հայաստանի հետ փոխկապակցութեան հետ։ Այդ բարդ իրականութիւնը շատ փոխուած է: Շատ լաւ նշեցիր. սփիւռքի մէջ ահաբեկչական պայքար եղաւ... անոր ազդեցութիւնը ի՛նչ է. տակաւին ինծի համար այդ մէկը չփակուած հարցում մըն է: Հարիւր տարի կամ 1965-էն ի վեր տեւող պայքարը եղեռնի ճանաչումի համար. այդ պայքարի արդիւնքը ի՞նչ եղաւ եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ... Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնցմէ ոմանք աւելի տեղական բնոյթ ունին, ոմանք՝ աւելի համասփիւռքեան: Կարելի չէ ամփոփումով մը այդ բոլորը ձեւաւորել, միայն կրնամ ըսել, որ սփիւռքը զօրաւոր է այն իմաստով, որ մեծ թիւ ունի, այնքան ալ զօրաւոր չէ այն իմաստով, որ այդ թիւը չ՚արդիւնաւորուիր որոշ տեսակի գործունէութիւններով: Ես սփիւռքագէտ եմ, չեմ չափազանցեր հարիւրաւոր գիրքեր եւ հազարաւոր յօդուածներ կարդացած եմ վերջին երեսուն տարուան ընթացքին զանազան սփիւռքներու մասին, զանազան լեզուներով եւ բոլորին մէջ ալ հարցը այն է՝ ի՞նչ է կապը վայրային սփիւռքեան համայնքներուն եւ սփիւռքի վերացական գաղափարի միջեւ, ո՞վ կը պահէ այդ կապերը: Զանազան սփիւռքներու մէջ զանազան անձեր, որոշ չափով եկեղեցական կառոյցներն են, որոշ չափով մամուլի եւ մամուլէն աւելի ընկերային կայքերը՝ օրինակ Ֆէյսպուքը, մեծ ուժ են հայկական սփիւռքի իրականութեան մէջ: Բայց ես համաձայն չեմ այն կարծիքին, որ սփիւռքը պիտի վերջանայ կամ վերջացած է։ Ճիշդ է, այն սփիւռքը, որ կար, հիմա չկայ, երթալով արագօրէն կը փոխուի, սակայն ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր պիտի յանգի, բայց բոլոր ինծի ծանօթ սփիւռքներու ուսումնասիրութիւնները՝ ըլլա՛յ չինականը, հնդկականը, հրէականը, քիչ թէ շատ, նոյն հարցերու առջեւ են: Աշխարհի մէջ շարժունակութիւնը փոխանակ նուազելու՝ կ՚աւելնայ՝ մարդիկ իրենց երկիրը կը ձգեն ուրիշ տեղ կ՚երթան մեծ թիւերով: Կայ արտայայտութիւն մը, որ կը գործածուի գիտականօրէն՝ անդրգաղթող, մարդիկ կը գաղթեն Չինաստանէն Աւստրալիա, Նիւ Զելանտա, Գանատա, Լոս Անճելըս եւ այլ տեղեր: Խաւ մը կայ, որ ներկայիս անընդհատ տեղափոխութեան մէջ է, մնայունի գաղափարը ինքն է, որ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ներկայիս շատ մեծ պարգեւ ունեցողի պէս կ՚ապրի ան, որ ունի քանի մը քաղաքացիութիւն: Սփիւռքագէտ ըլլալը չի նշանակեր վստահօրէն կրնալ գուշակել, թէ ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ: Աւելի լաւատեղեակ ես այն ուղղութիւններուն մասին, որոնք կը պատահին թէ՛ քու աշխարհիդ մէջ, թէ ուրիշներու աշխարհին մէջ: Ես անհաւանական կը գտնեմ, որ սփիւռքը պիտի անհետանայ, անխուսափելի կը գտնեմ, որ սփիւռքը պիտի փոխուի՝ կռահելի եւ անկռահելի ձեւերով:


-Վերջին տարիներուն եւ, յատկապէս, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ի վեր, Սփիւռքի մէջ շատ բան փոխուեցաւ՝ այն իմաստով, որ սփիւռքը չի գիտեր, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ Թուրքիայէն, սակայն սփիւռքը հետամուտ է՝ օրինակ, Կարօ Փայլանի դրօշակը բռնելու կամ զայն հերոսացնելու՝ արեւմտեան սփիւռքը առանց մասնակից ըլլալու այդ գործընթացին, կա՛մ առանց մօտէն առընչուելու Պոլսոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն, կամ առանց գիտնալու, թէ հոն ի՞նչ կը կատարուի. ինչի՞ կը վերագրէք այս մէկը:

Համաձայն չեմ այս ձեւակերպումին: Որքան ալ Կարօ Փայլանի նման երեւոյթ մը խանդավառէ որոշ անձեր՝ այդ անձերուն թիւը շատ փոքր է, եթէ դուն Ամերիկա բնակիս, կը տեսնես, որ ամերիկացի այն սփիռքահայերը, որոնք քիչ թէ շատ հետաքրքրութիւն մը կը տածեն իրենց համայնքէն դուրս, «իրենց ձեւով» կ՚ապրին իրենց հայկականութիւնը։ Անոնց համար հայ ըլլալը, կամ հայ մնալը Զատիկին ու Կաղանդին եկեղեցի երթալ է, իրենց զաvըմբըվարձայատոյց ըլլայ իմ սիրելի բարեկամին։գածութիւն ցոյց տուաւ իրծի նկատմամբ, ապահովեց գլխաւոր մասնագէտ վիրաբոյժ, դիւրացուց գորւակները շաբաթը երկու օր հայերէն սորվելու ուղարկել է, տարին անգամ մը կազմակերպութեան մը նուիրատուութիւն ընել է. այդ է իրենց հայութիւնը: Անոնք, որոնք աւելի կը զբաղին հայութեամբ, աւելի գործունեայ են՝ ո՛չ իբրեւ էթնիք հայ, այլ՝ իբրեւ իսկական սփիւռքահայ, միայն իրենց համայնքի մասին չեն մտածեր, այլ Հայաստանի մասին ալ կը մտածեն, թրքահայութեան մասին չեն մտածեր: Իրականութիւնն այն է, որ եղեռնը, զայն ճանչցնելու շարժումը, որ 1965-էն ի վեր՝ 50 տարի զբաղցուց մեզ, ի՛նչ արդիւնք ունեցաւ դրական կերպով՝ տակաւին արժեւորուած չէ, որովհետեւ կազմուեցաւ երկու սերունդ, որոնց համար քաղաքականացումը կը նշանակէր այդ մէկուն մասին մտածել եւ հիմա յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ընենք: Ի վերջոյ Արեւմուտքի մէջ Պոլսոյ մասին մտածող սփիւռքահայերու թիւը շատ քիչ է եւ շատեր տգէտ են, միայն անուններ է որ գիտեն՝ Հրանդ Տինք, Կարօ Փայլան եւ այլն, որոնք զգացական զեղումներ կը յառաջացնեն:

 

Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան սփիւռքագիտութեան բնագաւառի հիմնադիրներէն մէկն է եւ խմբագիր՝ «Diaspora: A Journal of Transnational Studies» հանդէսին՝ 1991 թուականէն ի վեր: Ան ուսումնասիրած է բնակչութեան եւ մշակոյթներու շարժունակութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթի մակարդակի բարձրացումը Արեւմուտքի մէջ, թէ ինչպէ՞ս այդ կը դառնայ էթնիք եւ սփիւռք եւ ինչպէ՞ս իրենց հերթին կը վերակազմաւորուին ազգերու, պետութիւններու գրականութիւնը, մշակոյթը եւ քաղաքականութիւնը:

Թէօլէօլեան հասակ առած է Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ, աւելի վերջ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ: Ան ստացած է մասնիկային (մոլեքիւլային) կենսաբանութեան պաքալորէայի աստիճանը Հարվըրտի համալսարանէն, իսկ «Brown» համալսարանէն՝ տոքթորական գիտութիւններու թեկնածու՝ համեմատական ​​գրականութեան մէջ: Թէօլէօլեան յօդուածներ հրապարակած է բազմաթիւ նիւթերով, ինչպէս՝ ամերիկացի վիպասան Թոմաս Փինչընի եւ անոր ստեղծագործութեան «Pynchon Notes», ահաբեկչութեան, պատմութեան, ազգայնականութեան եւ սփիւռքի մասին։ Ան դասաւանդած է Միացեալ Նահանգներու, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ։ Իսկ ներկայիս կը դասաւանդէ Ամերիկայի անձնական բարձրաորակ «Wesleyan University»ի մէջ։

Յայտնի սփիւռքագէտը Երեւանի մէջ կը շարունակէ պատասխանել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

*

-Խորհրդային Միութեան տապալումէն եւ «Նոր Հայաստանի» լոյս աշխարհ գալէն ետք՝ կարծես սփիւռքի մէջ կայ կարծիք մըն ալ, թէ ամէն ինչի ուղղութիւնը Երեւանը պէտք է տայ։ Այս մէկը յատկապէս երեւելի դարձաւ հարիւրամեակի օրերուն եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Համահայկական հռչակագիր անունը կրող յայտարարութիւնը կարդալէ ետք՝ Ծիծեռնակաբերդի շրջանին: Այդ մէկը թերեւս փորձ մըն էր, որ Երեւան կ՚ընէր՝ ամբողջ համահայկական օրակարգը կլանելու, սփիւռքը սպունգի պէս ծծելու եւ ըսելու, որ ձեր քաղաքական օրակարգը ես կ՚որոշեմ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին, այսօրուան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն այդ գործը:

Նախ հետեւեալ ձեւով կարելի է մտածել. պատկերացուր անկախ Հայաստանը 1991-էն ի վեր կամ նոյնիսկ 1988-1991 շրջանին՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Հրայր Մարուխեանի համբաւաւոր այդ հանդիպումէն ետք։ Առաջին հանգրուանը այն է, որ Հայաստանը սփիւռքին ըսաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանով, մանաւանդ Դաշնակցութեան՝ սուս եղէք, ձեր տեղը նստէ՛ք, հոս Հայաստան է, դուք չէք ղեկավարեր այստեղը: Դաշնակցականներ բանտարկուեցան եւ այլն... Երկրորդ՝ Քոչարեանի շրջանին, ան սկսաւ միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի սփիւռքը ներգրաւէ. բան մը, որ Տէր-Պետրոսեան կտրուկ եւ տրամաբանական ձեւով կը մերժէր: Գիտաժողովներ կազմակերպեց սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ, երկքաղաքացիութիւն տուաւ եւ այլն, այսինքն կ՚ուզէր ըսել՝ մենք կը փափաքինք սփիւռքի հետ համագործակցիլ: Սերժ Սարգսեան աւելի ընդգծեց եւ շարունակեց այդ գործակցութիւնը: Ուրեմն կրնանք ըսել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ուզէ, որ Սփիւռքը աւելի ընդգրկուի Հայաստանի մէջ՝ համարկում ըլլայ: Բայց անշուշտ այդ համարկումին գլխաւոր նպատակներէն մէկը, որ Քոչարեանն ու Սարգսեանը խորամանկութեամբ գործածեցին, սփիւռքի օրակարգը ստեղծելն էր եւ մեծ հաշուով ալ յաջողեցան: Սփիւռքի աւանդական կազմակերպութիւնները ողբալի միամտութեամբ ընդգրկուեցան անոր մէջ: Ասիկա ըսելէ յետոյ ընդհանուր արժեւորում չեմ կրնար ունենալ։ Կեանքը միայն քաղաքական ընթացքով չ՚ընթանար, ամենէն կարեւորը տնտեսականն է: Տնտեսական գրեթէ կատարեալ խզում կայ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, յայտնի պատճառներով եւ Հայաստանի թալանճիներուն ու կողոպտիչներուն յանցագործութեան պատճառով: Օրինակ՝ Հայաստան-սփիւռք տնտեսական կապերը պիտի զարգանա՞ն։ Դժուար թէ, որովհետեւ մարդիկ ահաւոր յուսախաբութիւն ապրած են եւ ներկայիս աւելի իրատես են, կը նկատեն, թէ ամբողջ Հայաստանի տնտեսական մտածելակերպը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի: Մշակութային կապերու մէջ նոյնպէս... Ես այդ բոլորը բացասական չեմ նկատեր, բայց առկայ վիճակին ալ չեմ կրնար դրական գնահատական տալ։ Իմ մտածողութիւնս եւ իմ ճանչցած մտաւորականներուս մէջ շատերը այդպէս են, շատ քիչ թիւով բաներէ է, որ կը խանավառուինք։ Ինծի համար դրականը այն է, որ առաջին այցելութենէս մինչեւ այսօր կը նշմարեմ, թէ կար երէց սերունդ մը, որուն հետ իսկապէս աշխատիլ կարելի չէր եւ այսօր չկայ։ Վատ իմաստով չեմ ըսեր, այլ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ այդ սերունդին հետ գործակցութիւն մը յաջողցնելու անկարելիութիւնը պարզապէս կապ ունէր մեր մտածելակերպերու եւ հայեացքներու տարբերութեան հետ։ Քանի մը անգամ հրաւիրուած եմ, եկած եմ: Առաջին Սփիւռք-Հայաստան ժողովին՝ շնորհիւ Վարդան Օսկանեանին, ինչպէս նաեւ պետութիւնը դիմած էր ինծի պաշտօնապէս եւ յայտնած էր, թէ իմ շուրջ հաւաքեմ մտաւորականներ, որոնք սփիւռքի հարցերուն ծանօթ են, քանի որ ես թերթ հիմնած էի: Հաւաքեցի այդ անձերը եւ ըսի, որ մեզի գրեցէք զեկոյց մը. այդպէս ալ եղաւ՝ մեր խմբակին անունով կարդացի: Այդ խմբակին մէջ էր Հրաչ Չիլինկիրեանը՝ Լոնտոնէն, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանը, Պէյրութէն՝ Արա Սանճեանը եւ ուրիշներ: Տարիներու ընթացքին նշմարեցի, որ փոքրիկ յառաջդիմութիւն մը կայ, բայց տեղաշարժը մեծ չէր: Հիմա այս վերջին մէկ-երկու տարիներու ընթացքին կու գան նորեր, որոնց հետ աւելի հեշտ է աշխատիլը, սակայն պատրանքներով չեմ ուզեր ապրիլ։


-Իսկ ի՞նչ ակնկալիք ունիք նոր իշխանութենէն, որ սաղմային վիճակ մը ունի հիմա։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ պէտք է ընէ:

Սաղմէն ինչ կ՚ակնկալուի՝ աճիլ, բարգաւաճիլ, առողջ ըլլալ... Սակայն գիտեմ, որ շատ դժուար էր Հայաստանի վիճակը եւ ներկայիս նոյնպէս: Օրինակ մը տալու համար կ՚ուզեմ մատնանշել Իսրայէլի պարագան, որ կերտուած է իր սփիւռքի կողմէ։ Անիկա շատ բան կրնայ սորվեցնել մեզի, բայց չենք կրնար բոլորովին ընդունիլ անոր օրինակը, որովհետեւ Հայաստանը սփիւռքի կողմէ չէ հիմնուած, Հայաստանը հիմնուած է հայաստանցիներու կողմէ։ Խօսքս անշուշտ Սովետական Հայաստանի մասին է։ Սակայն համեմատական եզրեր կան: Ես յաճախ գրած եմ, որ մեր Կիլիկեան թագաւորութիւնը՝ շատ հետաքրքրական է, զայն հիմնած են սփիւռքացած հայերը: Հայեր, որոնք Մեծ Հայքէն փախան 11-րդ դարու ընթացքին եւ հաստատուեցան Կիլիկիոյ շրջանին մէջ, որ Բիւզանդական կայսրութեան կը պատկանէր: Հիմնականին բնակչութիւնը բաղկացած էր յոյներէ, ասորիներէ եւ հայերէ: Ոչ ոք կ՚անդրադառնայ, թէ Կիլիկեան կոչուած պետութիւնը, որ Ռուբինեանները հիմնեցին եւ Հեթումականները վարեցին նաեւ՝ 40-50 տոկոս բնակչութիւն մը, ամբողջ շրջանի մը տիրեց՝ 1071-էն մինչեւ 1375 թուականը: Մենք սփիւռք մըն ենք, որ պետութիւն հիմնած է ժամանակին, թէեւ շատ հայեր չեն գիտեր այս իրականութիւնը։ Սակայն անկէ ալ շատ դասեր չենք կրնար առնել, որովհետեւ անիկա կործանուեցաւ երբ թուրք, արաբ եւ մեմլուք ուժերը շատ զօրացան: Ամենէն կենսականը, ամենէն կարեւորը այն է, որ Հայաստան ինքզինքը պէտք է վերանորոգէ, իր ներքին կառոյցը վերակերտէ։ Ժողովուրդը, որ հոս կը բնակի իբրեւ հասարակութիւն՝ օրէնքի եւ իրաւունքի հասկացողութիւնը զարգացնէ պետութեան մը հետ, որ ինքնին օրէնքի հասկացողութիւն ունի: Այսինքն՝ օրէնքը ոչ միայն ժողովուրդին օրէնքն է, այլ նաեւ՝ պետութիւնը կառավարող օրէնքն է: Եթէ Հայաստանի պարզ ժողովուրդը՝ զայն ներկայացնող զանազան վերնախաւերը եւ պետութիւնը կարենան միասին աշխատիլ՝ շատ բան կարելի է իրագործել...

Հայաստանի մէջ կ՚ըսեն, թէ պաշտօնապէս արձանագրուած են 3000 միութիւն (NGO) եւ 70 կուսակցութիւն: Իրականութիւնը այն է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ չկայ նոյնիսկ լուրջ կուսակցութիւն մը, որուն հանդէպ ժողովուրդը իրապէս վստահութիւն ունի։ Հիմա երեք ամիսէն կամ մէկ տարիէն Փաշինեանի կառավարութիւնը կրնայ կատարել արտահերթ ընտրութիւններ։ Գոնէ Արեւմուտքի մէջ, ընտրութիւն կը նշանակէ երկու կամ երեք լուրջ կուսակցութիւններու միջեւ պայքար: Ես դուրսէն ըլլալով՝ կը խոստովանիմ, որ չեմ հասկնար ամէն ինչ եւ կ՚ուզեմ հարց տալ, թէ որո՞նք են այդ երեք կուսակցութիւնները, որոնք լրջութեամբ՝ ժողովուրդի գոնէ մէկ հատուածին հաւանութեամբ՝ Հայաստանի շահերը կը ներկայացնեն...։

Միշտ ալ այսպէս եղած է հայոց պատմութեան մէջ՝ այն օրերէն, երբ Պարսկաստան եւ Հռոմէական կայսրութիւններ կային, կամ պարթեւական-հռոմէական, կամ պարսկական բիւզանդական, յետոյ՝ թրքական ռուսական եւ այլն: Մեզ շրջապատող օտար ուժերը շատ մեծ էին։ Մենք միայն կրնանք դիմանալ, եթէ ներքին համոզումներ եւ կառոյցներ ունենանք: Սակայն, դժբախտաբար, յաճախ չենք ունեցած, կամ եթէ ունեցած ենք, ինչպէս՝ Պոլսոյ մէջ, ուր հայ գաղութը երկար ատեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ բարգաւաճեցաւ՝ յաջողութեան ազդակներէն մէկն էր, որ այն օրուայ ժողովուրդը աստիճանաբար աւելի բարեկեցիկ կը դառնար: Զայն կառավարողները՝ վերնախաւը, մէկ կողմէ կրօնական էր, մէկ կողմէ աղայական՝ ամիրաներէն սկսած եւ մեծահարուստները, որոնցմէ շատերը իսկապէս նուիրատուութիւններ կ՚ընէին եւ կը փորձէին ղեկավարել ժողովուրդը: Մէկ կողմէ ալ մտաւորական էր: Պոլսոյ մէջ 19-րդ դարուն հայ աշխարհաբարը կազմաւորուեցաւ շնորհիւ մտաւորականներու, որոնք թերթեր կը խմբագրէին: Երբ հայկական սփիւռքը կամ հայ ժողովուրդը մտաւորականութիւն ունենայ, ունենայ այնպիսի ղեկավարութիւն, որուն համար կարեւոր են մեր մտաւորականները, այն ատեն մենք կրնանք բարգաւաճիլ։ Անշուշտ Պոլսոյ կամ այլ համայնքներու պարագային ալ ստեղծուած էին վերնախաւեր, որոնք կը գործակցէին իրարու հետ։ Բայց շատ քիչ անգամներ կը պատահի, որ այդ բոլորը հաւասարակշռուած ձեւով իրարու հետ կը գործակցին։ Հայրենիքի պարագային ալ տարբեր չէ։ Հոս կարեւոր վերնախաւերէն մէկը բանակի վերնախաւն է, կայ նաեւ տնտեսական վերնախաւը։ Այս բոլորը պիտի գոյանան, քիչ թէ շատ արմատներ պիտի նետեն ու իրարու հետ համագործակցին։ Որքան ժողովրդավարական ըլլայ երկիր մը՝ այնքան անիշխանութենէն կը խուսափի՝ ունենալով բազմաթիւ վերնախաւեր, որոնք պատասխանատու են: Անցեալին հատուկենտ եղած են, հիմա ալ կայ, սակայն երբ հզօրանայ այդ հատուկենտը թիւերու եւ կապերու առումով՝ այն ատեն իսկական ուժականութիւն կ՚ունենանք։ Եւ կը դառնանք՝ ժողովուրդ, ազգ, պետութիւն...

Մեր դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ միշտ ձիրք եւ տաղանդ ունեցող ժողովուրդ ունեցած ենք, սակայն միշտ ցրուած եւ միշտ չէ որ այդ վերնախաւերը կրցած են տիրապետել կամ ղեկավարել ժողովուրդը: Բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ այսպէս է. օրինակ՝ յոյն ժողովուրդին պատմութիւնը. Ն.Ք. 500 թուականէն 400 թուական Աթէնք քաղաքին մէջ կար 35 հազար ազատ բնակիչ, այսինքն՝ միակ քուէարկողները այր մարդիկ էին, որոնք ազատ էին: Այդ 35 հազար բնակչութիւնը Արեւմուտքը ստեղծեց. առաջին քայլը հոն, երկրորդը՝ Հռոմի մէջ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ պատմութեան մէջ կան վայրկեաններ, երբ հսկաներու փաղանգ մը կու գայ եւ տաս-տասնհինգ տարուայ ընթացքին կը ստեղծէ հսկայ բան մը: Հայութեան պատմութեան մէջ որոշ չափով Թիֆլիզը եւ Պոլիսը քանի մը տասնամեակներու մէջ ատիկա ըրին: Հայաստանը աւելին պիտի կարենայ ընել, բայց այդ մէկը ընելու համար մտածելակերպ, հասկացողութիւն պէտք է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ: Եւ այդ կը պակսի... Այդ մէկը դուրսէն չի կրնար գալ: Որքան որ կարեւոր է Ամերիկայի բարեացակամութիւնը, Փութինի բարեացակամութիւնը՝ չի բաւեր... Հոս կ՚ուզեմ մէջբերել կարեւոր խօսքը քաղաքական հմուտ մտածող Ժիրայր Լիպարիտեանի, որ ինծի ըսաւ 1994-ին, երբ ես հարց տուի, թէ մեզի համար որքա՞ն կարեւոր են մեծ պետութիւններու, օրինակ՝ Ամերիկայի բարեկամութիւնը: Ան ըսաւ, թէ իրենց բարեկամութիւնը չէ, որ մեզի համար կենսական է, բայց եթէ Ռուսաստանը կամ Ամերիկան մեզի թշնամանան, մենք չենք կրնար յաջողիլ աշխարհի մէջ: Մենք իրենցմէ բարեկամութիւն մուրալու պէտք չունինք, բայց նաեւ չենք կրնար զիրենք թշնամացնել մեր դէմ: Ասիկա շատ խորունկ մօտեցում մըն է: Մենք պէտք է խուսափինք մեծ պետութիւններու թշնամանքէն եւ անկէ ետք պէտք է մտածենք, թէ մենք ի՛նչ կրնանք ընել մեզի համար։


Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս