image
Հրատապ լուրեր:

Կեորկի Կուտոյեանի սպանութեան գործի քննութիւնը կասեցուած է

Կեորկի Կուտոյեանի սպանութեան գործի քննութիւնը կասեցուած է

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կեորկի Կուտոյեանի մահուան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական նախաքննութիւնը կասեցուած է:

ՀՀ քննչական կոմիտէի լրատուական բաժնի պետ Ռիմա Եգանեանը ըսած է, որ ԱԱԾ նախկին տնօրէնի մահուան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը կասեցուած է 30 դեկտեմբերին՝ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 31-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին կէտով (յայտնի չէ անձը, որ գործով պէտք է ներգրաւուի որպէս մեղադրեալ):

Յիշեցնենք, որ անցած տարի 17 յունուարին Երեւան քաղաքի Պարոյր Սեւակի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած էր ԱԱԾ նախկին պետ Կէորգի Կուտոյեանի դին՝ հրազէնային վիրաւորումով: Դէպքի առթիւ յարուցուած էր քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110 յօդուածով՝ ինքնասպանութեան հասցնելը:

Նշենք, որ, ըստ ՀՀ քննչական կոմիտէի՝ աւելի վաղ հրապարակած տեղեկատւութեան, մինչ դէպքը՝ Կուտոյեանը մէկ ամիս առաջ՝ 2019 թուականի դեկտեմբերի վերջի, իրեն պատկանող ատրճանակէն 35 անկանոն կրակոց արձակած էր հիւրասենեակի եւ խոհանոցի բաժանարար պատին:

Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գէորգեանն ալ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած էր, որ Կուտոյեանի ինքնասպանութիւնը կատարուած է նեղ անձնական շարժառիթով:

 

Լուրը՝ News.am-էն