image

Կեսարիոյ հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է

Կեսարիոյ հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է

Թուրքիոյ Կայսերի (պատմ. Կեսարիա) քաղաքի Ճաֆերպեյ թաղամասը գտնուող հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը, նշելով, որ պատարագին մասնակցած են Թուրքիոյ Պոկիս, Եոզկաթ եւ Սիվազ (Սեբաստիա) քաղաքներէն ժամանած՝ ծագումով հայ մօտ 50 մարդ, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:

Պատարագին մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի քահանայ Զաքեոս Օհանեանը: Թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան լրագրողի հետ զրոյցի ընթացքին, ան շնորհակալութիւն յայտնած է պատարագի մասնակիցներուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն` ընձեռած հնարաւորութեան համար: Պատարագէն ետք մասնակիցները յուշամատեանին մէջ իրենց ստորագրութիւնները թողած են:

Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է 1191-ին: Այն մինչեւ այսօր կանգուն մնացած հազուագիւտ եկեղեցիներէն է եւ Կեսարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին: 19-րդ դարու կէսերուն եկեղեցին փլած է, 1885-ին՝ վերակառուցուած: Վերջին անգամ եկեղեցին վերանորոգուած է 1996-ին: