Անդուլ մայրիկ, կը գովերգեմ անուշ սիրտըդ քու գերազանց,
Իմ գրիչով քեզ կ'անուանեմ «Կեանք համերաշխ», աղբիւր կենաց,
Այս վայրկեանին լաւ կը յիշեմ, ողջ կեանքը քու՝ զոհաբերած,
Պահելով զիս չար աչքերէն, փորձանքներէն համատարած։
Քու խոր սէրը վառ կը մնայ իմ սրտիս մէջ, ու կենդանի,
Որքա՜ն կարօտ՝ այդքան անխոնջ կը տանջէ քեզ, քու վեհ հոգիդ,
Երբ հեռանամ, քու սուրբ սիրտը սեւ ամպերով կը մթագնի,
Իսկ երբ լսես մօտըդ կու գամ, սիրտըդ գարնան պէս կը ծաղկի։
Պարծանքն ես դուն իմ այս կեանքիս, կայուն կամքիս ո՛ւժն անսասան,
Ցաւ օրերուս, ամէնուրեք, ինձմէ առաջ դուն վիշտ կը զգաս,
Բայց եւ այնպէս սիրովդ անմար, պայծառ օրեր կը ցանկանաս,
Ու որպէս մայր, «Կեա՛նք համերաշխ», կապոյտ երկինք ինձ կը տենչաս։
ԿԱՅԼԱԿ
«Սէր ու կրակ» գիրքէն
(Հոկտ. 20, 2011)