«Վարչապետ Սալամի կառավարութեան հրաժարումը խնդիրներուն լուծում չի կրնար բերել»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Ալեքսան Քէօշկէրեան: Քէօշկէրեա, խօսելով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին, դիտել տուաւ, որ «տեղի ունեցածը ժողովրդային բողոքի ալիք մըն է տրուած ըլլալով, որ վերջին տարիներուն Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը անկարող եղաւ լուծելու լիբանանցի քաղաքացիին ամէնէն տարրական հարցերը»: «Այս իրավիճակը նախատեսելի էր»,- աւելցուց Քէօշկէրեան դիտարկելով, որ «ներկայ պահուս բողոքի հաւաք կազմակերպող քաղաքացիական շարժումները ունին հիմնական մի քանի պահանջներ, որոնց գլխաւորները ՝ աղբահանութեան խնդրին լուծումը, կենսոլորտի նախարարին հրաժարումը եւ ներքին գործոց նախարարին պատասխանատուութեան կանչուիլն է կապուած՝ անցեալ Կիրակի օր ցուցարարներուն դէմ գրանցուած կրակոցներուն խնդրին վերաբերեալ: Հնչակեան պատասխանատուն նաեւ ըսաւ, որ «Հնչակեան կուսակցութեան կարգ մը անդամներ եւս կը մասնակցին Պէյրութի ցոյցերուն» յիշեցնելով, որ իրենք որպէս ընկերավարական կուսակցութիւն, դէմ չեն կրնար ըլլալ ընկերային անարդարութեան դէմ պայքարող շարժումներուն»: Ըստ Քէօշկէրեանի, այս բողոքի ալիքը անկարող է կառավարութիւնը հրաժարելու մղել եւ յատկապէս այս հանգրուանին կառավարութեան հրաժարումը չի լուծեր երկրին մէջ առկայ խնդիրները: Քէօշկէրեանի կարծիքով, բողոքի ցոյցերը կրնան շարունակուիլ, եւ մտահոգիչը այն է, որ որոշ քաղաքական կողմեր պիտի փորձեն շահարկել այս ընդհանուր իրավիճակը քաղաքական միաւորներ վաստակելու նպատակով: Աւարտին Քէօշկէրեան նշեց, որ կարգ մը ցուցարարներու կողմէ գրանցուած խուլիկանական արարքները կտրականապէս մերժելի են, եւ այդ արարքները կը խաթարեն ու կ'աղաւաղեն քաղաքացիական շարժումի իսկական դիմագիծը: