image
Հրատապ լուրեր:

Կապանի խնդիրը անվտանգութիւնն է

Կապանի խնդիրը անվտանգութիւնն է

Կապանի գործող համայնքապետ Գէորգ Փարսեանը Tert.am–ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի առաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Ան նշած է, որ թէեւ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է  հերթական ընտրութիւնները կայացնել 14 Նոյեմբերին, սակայն իր համոզմամբ  պէտք է կայանան արտահերթ ընտրութիւններ, քանի որ աւագանիի լիազօրութիւնները կ'աւարտին 2022 թուականին, իսկ 2021 թուականի 21 Դեկտմբերին վաղաժամ կը դադարեցուի, ուստի ընտրական օրէնսգիրքի համապատասխան պէտք է կայացուին արտահերթ ընտրութիւններ։

«Դա իշխանութեանը տալիս է քարոզարշաւի 25 օր, իսկ արտահերթի դէպքում 15 օր է»,–ըսած է ան։ Ան նշած է, որ այս ընտրութիւններուն կ'ակնկալէ հասնիլ այն արդիւնքներուն, որոնց հասած է նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, երբ ձայներու թիւով առաջ անցած էր ՔՊ թեկնածուէն։

Գէորգ Փարսեանը նաեւ համոզմունք յայտնած է, որ այս իշխանութիւնները ամէն ինչ կ'ընեն, որպէսզի խոչընդոտեն իր ընտրուիլը, սակայն նշած է, որ բոլոր ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան։

«Կապանի գլխաւոր խնդիրը կար եւ մնում է անվտանգութեան խնդիրը։ Ես ինձանից  կախուած ամէն ինչ անելու եմ այդ խնդիրը մեղմացնելու եւ լուծելու համար»,–ըսած է ան։