Աֆղանստանցի խումբ մը կանայք բողոքի շարժում կատարած են մայրաքաղաք Քապուլի մէջ՝ աշխատանքի եւ ուսման իրաւունքի պահանջով։
Մօտ երկու տասնեակ կիներէ բաղկացած խումբը հաւաքուած էր մինչեւ վերջերս Կանանց գործերու նախարարութեան շէնքին դիմաց, ոմանց ձեռքին գրութիւններ կային՝ կանանց հասարակական կեանքին մասնակցելու կոչերով: «Հասարակութիւնը, ուր կանայք գործուն չեն, մահացած հասարակութիւն է», նշուած էր գրութիւններէն մէկուն վրայ:
Վերջին օրերուն Աֆղանստանի նոր՝ թալիպներու գլխաւորած կառավարութիւնը շարք մը հրամանագրեր ընդունած է։ Անոնցմէ մէկով 18 Սեպտեմբերէն աղջիկներու մուտքը միջնակարգ դպրոց արգիլուեցաւ։