Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը շարունակուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բազմամեայ հակասութիւններուն պատճառով: Այս մասին, ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան, ՀԱՊԿի միացեալ շտապի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Տասմակամպեթով:
«Աշխարհը կը վերադառնայ առճակատման ժամանակներ՝ հակամարտութեան ներուժի հետագայ ամրապնդման հեռանկարով։ Բացասական միտումներն անմիջական ազդեցութիւն կ'ունենան ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտիի ողջ պարագիծի իրադրութեան վրայ»,-ըսած է ան:
Ան նաեւ անդրադարձած է Կեդրանական Ասիոյ երկիրներուն՝ ընդգծելով, որ նշեալ տարածաշրջանին մէջ կը նկատուի ծայրայեղական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու` ՀԱՊԿի անդամ-պետութիւններու տարածք ներթափանցելու սպառնալիքի աճի միտում:
«Յատկապէս մտահոգիչ են Աֆղանիստանի տարածքէն եկող համալիր սպառնալիքները», ըսած է Տասմակամպեթով։