Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ես կը փափաքիմ այս յօդուածը նուիրել անցեալ ամիս իր մահկանացուն կնքած՝ դպրոցական տարիներու սիրելի ուսուցչուհիիս՝ Օլիվիա Պալեանին, որ իր ազնիւ քայլով փոխեց իմ կեանքը:
1968 թուականն էր: Ես կը յաճախէի Պէյրութի Ազգային Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարան:
Երբ եկաւ ժամանակը արձանագրուելու որպէս 10-րդ դասարանի աշակերտ, ես գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ ըսի, որ ծնողներս ի վիճակի չեն վճարելու իմ կրթաթոշակս: Թէեւ մեր դասարանին առաջնակարգ աշակերտը ես էի, սակայն զիս տուն ուղարկեցին՝ գումար չունենալուս պատճառով...: Սա շատ ցաւալի պատահար էր այդ տարիքին, քանի որ կը սիրէի դպրոցը եւ յուսահատօրէն կը փափաքէի շարունակել ուսումս:
Եկայ տուն եւ օրս անցուցի հօրս անիւի վերանորոգման արհեստանոցին մէջ, ուր ան իր վաստակով հազիւ կրնար վճարել եղբօրս եւ քրոջս կրթաթոշակները: Ռամկավար կուսակցութեան ծեր եւ յարգուած անդամ մը զիս տեսնելով արհեստանոցը՝ զարմացաւ, թէ ինչո՞ւ դպրոց չեմ գացած, իսկ եղելութիւնը իմանալէ ետք առաջարկեց օգնել ինծի՝ զանգահարելով ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնին եւ անկէ խնդրեց, որ զիս արձանագրէ անվճար: Թէեւ դպրոցը հեռու էր մեր տունէն, սակայն չէի կրնար անտեսել ուսումս շարունակելու իմաստով ներկայացուած հնարաւորութիւնը: Փոխադրակառք նստայ եւ գացի տնօրէնին մօտ, Պէյրութի կեդրոնը: Ամչնալէս ոչ թէ ըսի, որ ես յոյս ունիմ անվճար կրթութիւն ստանալու՝ այլ ըսի, որ ինծի համար համաձայնութիւն կայացած է, որ ես ուսանիմ զեղչուած գինով: Մնացի ապշած, երբ տնօրէնը գոռաց վրաս, թէ զեղչի մասին խօսք կարելի չէ ընել, նման բան չկայ: Ես անմիջապէս շրջուեցայ եւ վազեցի հօրս արհեստանոցը...
Երրորդ օրը, Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի իմ դասընկերներէս մէկը եկաւ հօրս արհեստանոցը եւ ըսաւ, որ տնօրէնը զինք ուղարկած է ետեւէս, որպէսզի վերադառնամ դպրոց եւ արձանագրուիմ: Երբ գացի դպրոց, քարտուղարին յայտնեցի, որ չեմ կրնար վճարել կրթաթոշակս: Ան տեղեկացուց, որ կրթաթոշակս ամբողջութեամբ վճարուած է, եւ թէ կրնամ միանալ դասըկերներուս: Խնդրեցի, որ ըսէր ինծի, թէ ո՞վ վճարած է կրթաթոշակս, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեմ այդ հրաշալի անձնաւորութեան, սակայն ան ըսաւ, որ բարերարը կ՛ուզէ անանուն մնալ...
Ուստի մտայ դասարան, սակայն շարունակեցի հետաքրքրուիլ, թէ ո՞վ էր այն անձը, կամ որն էր այն կազմակերպութիւնը, որ ինծի հիանալի հնարաւորութիւն ընձեռած էր շարունակելու ուսումս: Դասերէն ետք գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ կրկին խնդրեցի քարտուղարէն՝ բացայայտել բարերարին անունը: Տեղի տալով պնդումներուս, ան դժկամութեամբ տեղեկացուց, որ բարերարս ոչ այլ ոք էր, քան իմ անգլերէնի ուսուցչուհին՝ Օլիվիա Պալեանը, սակայն մէկ պայմանով, որ ես պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր եւ վտանգի տակ դնեմ քարտուղարը, որուն կրնային հեռացնել գործէն՝ գաղտնիքը բացայայտելուն համար: Խոստացայ, որ այդ մասին չեմ խօսիր ուսուցչուհիիս հետ: Քարտուղարը նաեւ պատմեց, որ երբ սկսեր է ուսումնական տարին, եւ ուսուցչուհին նկատելով, որ նստարանս դատարկ է, հարցուցեր է, թէ ինչու դպրոցը չեմ, անոր պատասխաներ են, որ ծնողներս չեն կրնար կրթաթոշակս վճարել: Այնուհետեւ ան դիմեր է տնօրենին, որ իր ամսականէն զեղչեն իմ կրթաթոշակս...
Ամբողջ տարին ես նստած էի օրիորդ Պալեանի դասարանը եւ կը մտածէի անոր վեհանձն քայլին մասին, սակայն չէի կրնար երախտագիտութիւնս յայտնել: Մէկ տարի անց ես մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ եւ հետագայ տարիներուն երկու մագիստրոսի աստիճան ստացայ, մէկը՝ միջազգային յարաբերութիւններու՝ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն, իսկ միւսը՝ գործարար կառավարման՝ Լոս Անճելըսի Փեփերտինի համալսարանէն:
Սակայն ես երբեք չմոռցայ օրիորդ Պալեանի բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, այն, որ իմ կրթաթոշակս վճարած էր իր չնչին ամսականէն: Գրեթէ 40 տարի անց, առաջին անգամ ըլլալով վերադարձայ Պէյրութ՝ Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամէն 4.5 միլիոն տոլար գումարը Լիբանանի մէջ գործող բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն նուիրելու համար: Այցելած դպրոցներուս շարքին էր նաեւ իմ երկրորդական վարժարանը: Տնօրէնին յանձնելով քանի մը հարիւր հազար տոլարի գումարը, անոր խորհուրդ տուի՝ երբեք ոեւէ ուսանող դուրս չձգել դրամի չգոյութեան պատճառով, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ այդ ուսանողը ո՞վ կրնայ ըլլալ ապագային, եթէ շարունակէ ուսումը: Ան կրնայ փայլուն բժիշկ, լաւ դիւանագէտ, դպրոցի տնօրէն, եկեղեցական առաջնորդ կամ ի վերջոյ մէկը ըլլալ, որ կ՛աշխատի միլիառատէր բարերարի մը համար, որ մեծ նուիրատուութիւն կ՛ընէ դպրոցին...
Լիբանան գտնուելով, շատ կ՛ուզէի տեսնել օրիորդ Պալեանը եւ տարիներ ետք շնորհակալութիւն յայտնել իրեն: Ան երկար ժամանակէ ի վեր չէր դասաւանդեր դպրոցի մէջ եւ կ՛ապրէր Պէյրութէն դուրս: Համաձայնեցայ իմ նախկին դասընկերներուս եւ Լիբանանի արքեպիսկոպոսին հետ, որ զիս տանին ուսուցչուհիիս մօտ: Ան շատ յուզուեցաւ զիս տեսնելով: Մեր հանդիպումը շատ ջերմ անցաւ: Գտնուելով ուսուցչուհիիս կողքին, ես վերջապէս կարողացայ շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն ան չէր ուզեր լսել այդ մասին եւ համեստօրէն փոխեց նիւթը: Առաջարկեցի որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ իրեն, ներառեալ ֆինանսական օգնութիւն կամ համայնքի կողմէ յատուկ ճանաչում՝ տասնամեակներ շարունակ հայ երիտասարդները կրթելուն համար, սակայն ան հրաժարեցաւ բոլոր առաջարկներէս:
Ուսուցչուհիիս բնակարանէն հեռացայ մեծ բաւարարուածութեամբ, քանի որ այսքան տարիներ անց վերջապէս յաջողած էի երախտագիտութիւնս յայտնել իր առատաձեռնութեան համար...
Թէեւ այս յօդուածը Օլիվիա Պալեանի մասին է, սակայն անիկա նաեւ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ մարդ մը կրնայ փոխել ուրիշներու կեանքը: Այդ ժամանակ առանց օգնութեանը ուսուցչուհիիս, որ նաեւ բացառիկ հնարաւորութիւն տուաւ անգլերէն սորվելու, ես հաւանաբար երբեք չէի մեկներ Միացեալ Նահանգներ եւ չէի դառնար «Քալիֆորնիա Քուրիըր» անգլերէն թերթի հրատարակիչը: Հաւանաբար, կեանքիս մնացած մասը կ՛անցընէի Պէյրութ, հօրս արհեստանոցին մէջ անիւներ վերանորոգելով...
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան