image

Իտլիպի մէջ թրքական դիտակէտի գնդակոծման հարցով Անգարայի ռուս կցորդը կանչուած է Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբ

Իտլիպի մէջ թրքական դիտակէտի գնդակոծման հարցով Անգարայի ռուս կցորդը կանչուած է Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբ

Անգարայի մէջ Ռուսաստանի ռազմական կցորդը հրաւիրուած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբ: Պատճառը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական 10-րդ դիտակէտի գնդակոծումն է, որու հետեւանքով 3 թուրք զինուոր վիրաւորուած է, իսկ 1-ը՝ սպանուած:

Ermenihaber-ի հաղորդմամբ՝ Անգարան Ռուսաստանի կցորդին յայտնած է, որ «նմանատիպ յարձակման կրկնութեան պարագաին թրքական կողմի արձագանգը շատ աւելի տարբեր պիտի ըլլայ»‎:

Կցորդին տեղեկացուցած են, որ «Սուրիոյ ռեժիմի յարձակումները պիտի պատժուին ամենակոշտ կերպով»: