image

Իսրայէլին սպառնալը մեծ վտանգի պիտի ենթարկէ Իրանը, կը զգուշացնէ Նաթանիահու

Իսրայէլին սպառնալը մեծ վտանգի պիտի ենթարկէ Իրանը, կը զգուշացնէ Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու երէկ, 14 դեկտեմբերին, Ուզպէքստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ, որուն ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի կողմէ Իսրայէլը վերացնելու նպատակադրուածութեան մասին սպառնալիքները մեծ վտանգի պիտի ենթարկեն  Իրանը: Այս մասին  հաղորդած է իսրայէլեան ռատիօն:

Նաթանիահու դիմելով Ուզպէքստանի նախագահ Նազարպայեւին, խնդրած է իր անունով իրանեան կողմին փոխանցել յայտարարութիւն, որ եթէ վերջինս Իսրայէլի հանդէպ իր վերաբերմունքը չփոխէ, Իսրայէլ նմանատիպ քայլերու պիտի դիմէ, աւելցնելով, որ «Իսրայէլ փոքր ու անկարող երկիր մը կամ նապաստակ մը չէ, այլ վագր է»:

Յիշենք, որ Նաթանիահու սոյն յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ի պատասխան Իրանի նախագահին կողմէ երէկ հնչած յայտարարութեան, թէ Իսրայէլ մինչեւ 25 տարի կրնայ վերանալ՝ պայմանաւ, որ պայքարն ըլլայ միասնական ու ամբողջական: