image

Իրանի պատասխանը Իսրայէլին. Պիտի ըլլայ հաշուառուած

Իրանի պատասխանը Իսրայէլին. Պիտի ըլլայ հաշուառուած

Իրանի արձագանգը Իսրայէլին պիտի ըլլայ շատ լաւ հաշուառուած եւ վերջնական. մենք ի տարբերութիւն Իսրայէլի՝ սրացման չենք ձգտիր:

Այս մասին Х հարթակին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի։

«14-րդ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն են տարածաշրջանի երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը, համագործակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը։

Իրանի ուղերձը յստակ է՝ մեր հարեւանները մեր առաջնահերթութիւնն են: Մենք վճռական պիտի շարժինք դէպի ուժեղ տարածաշրջան:

Թեհրանի մէջ իսրայէլեան ահաբեկչութեան Իրանի արձագանգը պիտի ըլլայ  վերջնական եւ չափուած եւ լաւ հաշուառուած: Մենք չենք վախնար սրացումէն, սակայն չենք ձգտիր անոր՝ ի տարբերութիւն Իսրայէլի»,- գրած է նախարարը: