image

ISIS Դաշոյնով Պատասխանեց Օպամային...

ISIS      Դաշոյնով Պատասխանեց  Օպամային...

Լիբանան-(«Ալ Նահար»-Պէյրութ)- «Ալ Նահար» կը տեղեկացնէ, թէ ISIS-ի կողմէ նոր   տեսագրութիւն մը հրապարակուած է, որ կը ցուցադրէ «Բէշմարքա»ի չորս անդամներուն վայրագ մահավճիռի գործադրութիւնը, ISIS ահաբեկչական խմբաւորման  զինեալներուն  կողմէ: Տեսագրութեան  մէջ երեւցած    զինեալները կը խօսէին ամերիկեան շեշտով   անգլերէն  մը եւ սպառնալիքներ կ'ուղղէին Ամերիկայի նախագահ՝ Պարաք Օպամային:  Անոնք մորթած են  իրենց զոհերը, ստիպելով անոնցմէ երեքին տեսնել նախորդին մորթուիլը: Դիմակաւորները ըսած են, թէ մորթելը պատասխան է Ալհուէճայի գործողութեան, երբ  ամերիկեան  ուժերը  հարուածեցին  ISIS-ի  մէկ  կեդրոնը եւ ազատագրեց 70 քիւրտ գերիներ: