image

Իշխանութիւնները կը ստեն. Ա. Վանեցեան

Իշխանութիւնները կը ստեն. Ա. Վանեցեան

Երէկուայ օրը շատ լաւ կը գնահատեմ, մարդոց մասնակցութեան թիւը բաւականին մեծ էր, ազգը արթնցած է եւ մարդիկ գիտակցած են, որ պէտք է քշել այս իշխանութիւնները: Այս մասին լրագողներու հետ ճեպազրոյցին ժամանակ ըսաւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը, որ Ապրիլ 17-էն յայտարարած էր Ազատութեան հրապարակին մէջ բողոքի շարժումներու մեկնարկի մասին:

Անդրադառնալով երէկ ոստիկաններուն կողմէ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրառուած ուժին, Վանեցեան ըսաւ, որ անհնար է ուժով կասեցնել ժողովուրդին պոռթկումը եւ յորդորեց ոստիկանութեան մնալ իրենց լիազօրութիւններու շրջանակներուն մէջ:

«Իշխանութիւնները ստում են հերթական անգամ եւ մեր պայքարի հետեւանքով նոր պատերազմի թեզը առաջ տանելով` փորձում են ահաբեկել մեր բնակչութեանը: Նոր պատերազմ չի լինելու, այն լինելու է, եթէ իրենք մնան իշխանութեան: Պատերազմը հիմա էլ շարունակւում է, երէկ չէ առաջին օրը ունեցանք եւս մէկ գերի, ինչ է սա, եթէ ոչ պատերազմ: Իշխանութիւնները հերթական անգամ մանիփուլացնում են ժողովրդին, որ լինելու է պատերազմ, պատերազմ չի լինելու, լինելու դէպքում` մենք ունակ ենք կանխել այն», ըսաւ Արթուր Վանեցեանը:

Վերջինս ընդգծեց, որ իրենց պայքարին միացած են բազմաթիւ այլ խումբեր, ինչ որ կը վկայէ, որ սա պայքար չէ յանուն իշխանութեան: