Իրաքի թեմի, օրերս, մասնակցած է Պաղտատի «Միջին Արեւելք» Համալսարանի կազմակերպած գիտաժողովին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի օր, Յունուար 21ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի թելադրանքով, մեր Մայրենի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Գէորգ քհն. Արշակեանը և կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Վարդան Մոնճողլեանը մասնակցեցան Պաղտատի "Միջին Արևելք" Համալսարանի կազմակերպած գիտաժողովին։
Աւարտին կազմակերպող հաստատութեան անունով յուշանուէր յանձնուեցաւ արժանապատիւ Տէր Հօր, Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցելու համար։