image

Իրաքեան Քիւրտիստանի դէմ պաշարումը պիտի նպաստէ նաւթային շուկայի մէջ գիներու աճին. Վ.Փութին

Իրաքեան Քիւրտիստանի դէմ պաշարումը պիտի նպաստէ նաւթային շուկայի մէջ գիներու աճին. Վ.Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներն ու յատկապէս նաւթի վաճառքին հետ կապուած էմպարկօն բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ համաշխարհային տնտեսական շուկային վրայ:

Ինչպէս կը գրէ «gazeta.ru», ըստ Փութինի, նաւթի շուկային մէջ կրնայ կտրուկ գնաճ սկսիլ: «Այն իր հետեւանքները պիտի ունենայ համաշխարհային ուժանիւթի շուկաներուն մէջ, գիները աճ պիտի գրանցեն: Սակայն կը կարծեմ, որ քիչեր հետաքրքրուած են անով, այնպէս որ պէտք է ուշադիր հետեւիլ այն բոլորին, ինչ որ կը կատարուի իրական կեանքին մէջ», - յայտնած է Փութին: