Իրանը պաշտօնապէս բողոքներ ներկայացուցած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Իսրայէլի կողմէ իրանեան միջուկային կառոյցներուն սպառնացող սպառնալիքներու վերաբերեալ։
Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային:
«Իրանն այդ սպառնալիքները կը դիտարկէ որպէս միջազգային հանրութեան անվտանգութեան սպառնացող վտանգ եւ այդ կապակցութեամբ գրաւոր բողոք ուղարկած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին», -ըսած է Պաղային:
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ըսած էր, որ դէմ է, որ Իսրայէլը, ի պատասխան հոկտեմբեր 1-ի զանգուածային հրթիռակոծման, հարուածէ Իրանի միջուկային կառոյցները: