Փորձագէտներու խորհուրդը համաձայնութեան եկած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի ընտրութեան հարցին շուրջ, յայտարարած է այդ ատեանին անդամ Մոհամմատ-Մեհտի Միրպաղերին։
«Փորձագէտներու խորհուրդի յարգարժան անդամները այս օրերուն ջանքեր գործադրած են գերագոյն առաջնորդի հարցով կողմնորոշուելու համար եւ չեն ձախողած։ Փառք Աստուծոյ, կազմուած է հաստատուն եւ միակամ կարծիք, որ կը ներկայացնէ մեծամասնութեան տեսակէտը»,- անոր խօսքերը մէջբերած է Mehr գործակալութիւնը։
Միրպաղերին միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ տակաւին կան որոշ խոչընդոտներ, որոնք անհրաժեշտ է լուծել։