Պաշտօնական Թեհրանը արձագանգած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է՝ Իրանը կ'ողջունէ իր հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կ'աջակցի այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն։
«Մեր տարածաշրջանը յոգնած է յարաբերութիւններու խզումէն ու բացասական մօտեցումներէն: Պէտք է օգնենք դրական մօտեցումներ ու տեսակէտեր ձեւաւորել», ընդգծած է Խաթիպզատէն: