image

Ինտրային հետ

Ինտրային հետ

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ կը հեռանար Լիբանանահայ մշակութասէր եւ յատկապէս թատերական շրջանակներուն մէջ ծանօթ եւ սիրուած անուն հանդիսացող՝ Պայծառ Գարագաշեան։

Այս տխուր առթիւ եւ հանգուցեալի բարի յիշատակը յարգելու բարի նպատակով, Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ը, իր 13 Յուլիս, 2024 թուակիրին մէջ հրապարակած է հանգուցեալի գրչին պատկանող եւ Արեւմտահայ մտքի տիտաններէն՝ Ինտրայի մասին (Բուն անունով Տիրան Չրաքեան) գողտրիկ գրութիւն մը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցասէր հանրութեան կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը եւ անգամ մըն  ալ կ՚արձանագրենք՝ բարի յիշատակ տիկ. Պայծառ Գարագաշեանին։

Ինտրային հետ

Կէս գիշեր է, ընդոստ կ՛արթննամ, ամէն կողմ լուռ է ու խաւար, պատուհանիս ալեծուփ վարագոյրը եւ հովի շոյանքը շուրջս կը ստեղծեն նոր մթնոլորտ մը, Ինտրայական հոգեբանութիւն մը կ՛արթննայ մէջս քանի մը ժամ առաջ կարդացած «Ներաշխարհը» վերյիշելով:

Ակամայ կ՛իջնեմ մահիճէս, կ՛ուղղուիմ դէպի պատուհանը ու կը փարիմ երկաթներուն, կը դիտեմ թանձր խաւարը, թեթեւ զեփիւռ մը կը շրջագայի տիրող ամայութիւնը շոյելով, կը յիշեմ Ինտրան եւ վերացած իր գաղափարներով, կարծես ես ալ իմ կարգիս հեռաւոր բաց պատուհաններու տակ կը փնտռեմ «Ինտրան», որ կը նիրհէ` իր ամբողջ էութեամբը կորսուած մահիճի սաւաններուն մէջ: Զգացումներու նոր աշխարհ մը կը պատէ հոգիս, կը մտածեմ Ինտրային նման, կը վերանամ նոյն զգացումներով, ներշնչուած կոյսի մը շղարշային էութենէն:

Առաւօտ է, չքացած է իրիկնային միստիկ մթնոլորտը, կեանքն է վերսկսած չորս դին, տենդոտ եռուզեռ ամէն անձ իր գործին հասնելու փութկոտութեամբ, կը դիմէ աշխատանքի, շարունակելով կիսատ ձգուած գործը: Իրօք կը զարմանամ հոգիներու այլազանութեան, կը մտածեմ, ի՞նչ ճղճիմ ու դատարկ մտայնութիւն, մարդիկ ի՞նչպէս բոլորովին անտեսելով բնութեան գեղեցկութիւնները, կեանքի հաճոյքը կը գտնեն լոկ նիւթին մէջ:

* * *

Կը բարձրանամ հանրակառք Ինտրայի գաղափարներով տոգորուած` կը գրաւեմ տեղ մը պատուհանին մօտ ու հայեացքս կ՛ուղղեմ դուրս, եռուն կեանքը դիտելու, աղմուկ, իրարանցում, ինքնաշարժներու մրցում, զարդարուած ցուցափեղկեր, սեւցած աշխատանոցներ, բոլորն ալ կեանք ստացած ճարտար ձեռքերու շնորհիւ:

Հասած ենք քաղաքի կեդրոնը, հանրակառքը կը պարպէ հոծ բազմութիւնը` նորերը փոխադրելու համար:

Կէսօր է, կը վերադառնամ դպրոցէն դարձեալ «Ներաշխարհ»-ի ազդեցութեան տակ, զգացումներու նոր աշխարհ մը ոտք դրած` պատերու տակէն կ՛ուղղուիմ կայարան: Կեանքը ըմբռնելու նոր միտք մը ծագած է մէջս, կը մտածեմ` իրօք ի՞նչ լաւ բան է սիրելը, սիրել Ինտրային պէս, աննիւթականացնելով էութիւնը ու ապրելով անոր վերացական հոգին. մտազբաղ հայեացքս յանկարծ կը հանդիպի երիտասարդ զոյգի մը. պահ մը կը դիտեմ, արդեօք զուտ հետաքրքրութի՞ւնս էր, որ կը թելադրէր ինծի այս տգեղ դիրքը, ո՛չ, այլ Ինտրայի ազդեցութիւնն էր, որ կը մղէր զիս դիտել այդ զոյգը եւ թափանցել անոնց հոգիին մէջ, փնտռելու համար իրական սէրը, այն ինչ որ Ինտրայական է: Զոյգը կը յառաջանայ առանց ոչինչ նշմարելու, մինչ իմ նայուածքս կ՛երկարի անոնց ետեւէն, կը սիրե՞ն զիրար հարց կու տամ ես ինծի: Տեսակ մը յոռետեսութիւն կը պարուրէ հոգիս: Կը նայիմ շուրջս, նոյն պատկերի շարունակութիւնը կը տեսնեմ տարբեր անձերու մօտ, այնուհետեւ խոր ատելութեամբ կը լեցուիմ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը կարծեն, թէ կը սիրեն: Եւ այսպէս ամէն տեղ եւ ամէն ժամ կը վերապրիմ Ինտրան, շուրջս կը դիտեմ իր նայուածքով, երեւոյթները կ՛ըմբռնեմ իր եղանակով:

Ինտրան զիս նուաճած, զիս գերած է ամբողջապէս:

 

«Ջահակիր», 1956, թիւ 3

————

Պայծառ Գարագաշեան այնքա՜ն հաւատացած է հայ մշակոյթին ու գիր գրականութեան, որ իր զաւկին ամուսնութեան 10-ամեակին անոր նուիրած է Լեւոն Շանթի հատորները եւ մակագրած.

«Հարազատներ Նանօր եւ Ռուբէն,

«Ձեր ամուսնութեան տասներորդ տարեդարձին առիթով, Լեւոն Շանթի երկերու ամբողջական այս շարքը` իրենց ազգային, գաղափարական, ընկերային, հոգեբանական, մանկավարժական, փիլիսոփայական եւ կրթական բովանդակութեամբ, թող ըլլայ այն հզօրագոյն պատնէշը, որ անխաթար պահէ ճեմարանական այն ոգին, զոր կերտեցիք ձեր մանկական եւ պատանեկան կեանքի ամենագեղեցիկ օրերուն, Լեւոն Շանթի իսկ հիմնած հայ կրթութեան օճախին` Ճեմարանի մէջ:

«Ձեզի վիճակուած օտարոտի ներկայ առօրեան թող ընդմիշտ հեռու մնայ ձեր հոգիներէն` շնորհիւ գիրքերու ընթերցանութեան»:

 

Պայծառ Արզումանեան

«Ազդակ»