image

Բայց հրապարակը դարձաւ անտէր…

 Բայց հրապարակը դարձաւ անտէր…

Ճիշդ է որ հրապարակին անոնք դարձան տէր, բայց հրապարակը դարձաւ անտէր, ու շուտով դարձան դրամատէր, բռնատէր, մոռցան բոլոր արժէքներ, աճեցան թիւով քանակով, բայց նօսրացան արժէքով, որակով։ 

Տուին տարօրինակ որոշումներ, վերարտադրեցին արդէն վերարտադրուածներ։ Խաւարը եղաւ բացարձակ, երբ Սմբատը կարգեցին նաւավար։

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան 

 

Հոն՝ հեռու հեռաւոր սարերու ետին, կապուտակ ծովափին, քաղաք մը կար հին, փռուած երկայնքին։ Այս քաղաքը ունէր հարուստ պատմութիւն, հայրենասէր բնակչութիւն, փայլուն դէմքեր, հասուն միտքեր։

Հոն կ՚ապրէին համեստ մարդիկ՝ ճակտի քրտինք թափած հայրիկ, եփող թափող լայնսիրտ մայրիկ, մատղաշ սերունդ գերազանցիկ։

Քաղաքը ունէր շատ դպրոցներ, ունէր թատրոն մի քանի, ճատրակի, ֆութպոլի, հեծելարշաւի, ահագին մարզական ախոյեան խումբեր, խօսքին բացը՝ այդ նմոյշ էր, բարի նախանձ պատճառող էր։

Բեղուն կեանքը այս բոցավառ, կը վայելէր քանի մը հարիւր հազար, բաժնուած երեք դասակարգի՝ համեստ, հարուստ, ինքնաբաւ։ 

 

 Դասակարգերը այս երեք, ստացան հարուածներ ամէնուրեք, պատերազմ էր ծովափին, 76-էն 91-ին. սա պատճառ էր մեծ գաղթին, իր հետ տարաւ լայն խաւին։

Սա սկիզբն էր խաւարին, որ կը զգացուի այս օրին։ Շատերը հեռու հեռու շատ հեռու գացին, այդ միւսները հրապարակը մնացին, եղան տէր, եղան բեռ, բայց երբեք՝ փնտռուած ընկեր։ 

Ճիշդ է որ հրապարակին անոնք դարձան տէր, բայց հրապարակը դարձաւ անտէր, ու շուտով դարձան դրամատէր, բռնատէր, մոռցան բոլոր արժէքներ, աճեցան թիւով քանակով, բայց նօսրացան արժէքով, որակով։ 

Տուին տարօրինակ որոշումներ, վերարտադրեցին արդէն վերարտադրուածներ։ Խաւարը եղաւ բացարձակ, երբ Սմբատը կարգեցին նաւավար։

Սմբատը ունէր փորձ տեսական, բայց ան չունէր փորձ գործնական։ Չէ՞ որ լաւագոյններն էին նաւուն ղեկին, իսկ Սմբատները հազիւ անոնց շուքին։

Սմբատը նաւուն ղեկին, նաւն ալ ալեկոծ ծովուն. շատ բան չկայ որ յանձնենք թուղթին, քանզի բոլորով պիտի ընկղմին, եթէ չլսեն գուսան Հարեւան Զարուկին։