Սկսած Լիբանանի Պէքայէն ու անցնելով Արեւմտեան Պէյրութի մութ անկիւնները՝ Լիբանանէն ծնունդ առած մարտական խմբակներ կապ ունեցած են պաղեստինցիներուն հետ, իսկ լիբանանանահայ անմահանուն ՀՅԴ գործիչ՝ Աբրահամ Աշճեանը շատ մեծ «անվտանագային հովանոց» մը դարձած է Պէյրութի «Թալ Ալ Զահթար» գաղթակայանի պաղեստինցիներուն համար, որպէսզի դուրս գան այդ շրջանէն ու փրկուին Լիբանանի աջակողմեան «միլից»ներու զէնք ու փամփուշտէն ։
Այս բոլորը անշուշտ որպէս պատմական փաստ կը ներկայանան, ու ասոր վրայ պէտք է աւելցնել պաղեստինցի առաջնորդ՝ Եասէր Արաֆաթի հայութեան ուղղուած դրուատական խօսքերը, Երուսաղէմի հայկական թաղը չմասնատելու համար տարած ջանքերը եւ հանրութեան առջեւ. «Ես Եասէր Արաֆաթեան եմ» ըսելը։
Հայրենի հասարակութեան մեծ տոկոսին համար «Համաս»ը ծայրայեղականներու շարժում է։
Նոյն հասարակութիւնը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ շփոթով նայիլ Մերձաւոր Արեւելքի «մեծ» քարտէզին վստահ եմ, որ չի տարբերեր, Դամասկոսն ու Պէյրութը, կամ 1948 թուականի արաբներն ու Երուսաղէմի սրտին մէջ ծուարած «Ժընին»ը։
Ի հարկէ իսլամական աշխարհին հանդէպ մօտեցումները մեծ հաշուով մեր ժամանակներուն փոխուած են, բայց երբ մանրամասնութիւններուն մէջ մտնենք, բոլորը նոյն ջուրով կը լուացուին, ու կը պարզուի, որ իրենց ինքնիշխանութեան համար միս ու արիւն զոհաբերող «Համաս»ականները կը դառնան ահաբեկիչներ, յար եւ նման «Իկիլ»ի («Իսլամական Պետութեան» զինեալներուն, որոնք Սուրիոյ տափասատներուն մէջ մարդ սպաննելէ ետք, անոր թոքն ու լեարդը ուտել փորձեցին։
Հրէշային էր Սուրիոյ պատերազմը, որուն ամենայետին մանրամասնութիւնները ծառայեցուեցան բոլոր իսլամները սեւազգեստ ներկայացնելու, ու բոլորին մէկ անուն տալու...։
Ի վերջոյ «Սատատան մանրամասնութիւններու մէջ է», ու այդ առումով ալ ահագին ընելիք ու պատմելիք կայ մանաւանդ , որ այսօրուայ մեր աշխարհին մէջ ամէն տեղ, ամենուրէք, եւ ամենահեռուն համարուած տեղանքը դարձած է «բաց» տարածութիւն։
Մինչ Հայաստանի երիտասարդ գործարարները Տուպայ եւ Ապու Տապի կը վազեն յանուն «Սիրոյ եւ հացի», անդին հայաստանեան հասարակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի կարեւորագոյն զարգացումները կը շարունակեն մնալ անհասկնալի եւ անընկալելի դրոյթներ։
Ո՞վ է մեղաւորը Կազայի պատերազմին. ինչո՞ւ այսքան մարդ կը զոհուի. տեղի ունեցածները սպա՞նդ են կամ ոչ. եւ ի վերջոյ ինչպէ՞ս ընթացք առաւ Կազայի 5-րդ պատերազմը, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան երկար ժամանակագրութեան մէջ պիտի շարունակէ համարուիլ ամենաբարդն ու ամենաարիւնալին։
Ի հարկէ, ոչ ոք կ՚ակնկալէ, որ Երեւանցի սովորական վարորդը, աշխատող մարդը, իր ընտանիքի հոգսերով ապրող միջին վիճակագրութեան խաւի ներկայացուցիչը, եղած բոլոր զարգացումները դաս-դասէ, հասկնայ այս խնդիրներուն իսկական խորքը ու նաեւ այդ բոլորը «մեծ միքսըր»ի մէջ դնելէ ետք ճիշդ դիրքորոշում արտայայտէ, կա՛մ բնովէ եւ կա՛մ գովաբանէ հակամարտութեան կողմերէն մին։
Այդ բոլորը բարդ բաներ են, բայց հասակնալ է պէտք է, որ Կազայի այս պատերազմը իր մէջ ունի բաւարար ներուժ, առկայ ընթացքները փոխելու. ա՛յն իմաստով, որ մինչեւ վերջերս նաեւ մեր ռազմագէտներուն, բանակի հարցերով զբաղուող վերլուծաբաններուն այլեւս պարզ դառնայ, որ անպարտելի բանակ ունեցող Իսրայէլ մը այլեւս չկայ, կամ նոյնիսկ չէ եղած, կամ ալ եղած է ուժեղ եւ կազմակերպուած բանակ ունեցող Իսրայէլ Տէրութիւն մը, որ այսօր կ՚ապրի ճգնաժամային լուրջ պահեր։
Ի վերջոյ հարց պիտի տրուի, թէ որուն պէտք են այս բոլորը եւ մեզի՝ Հարաւային Կովկասի բնակիչներուս ու հայկական բարձրաւանդակի մէկ մասին վրայ ապրողներուս համար ինչ օգուտ կայ այդ բոլորը իմանալէն։
Մօտիկ անցեալին, նախքան Արցախի պատերազմին տեղի ունենալը մեզմէ շատ- շատեր Իսրայէլին յղում կ՚ընէին յարելով. «տեսէք փոքրիկ Իսրայէլը ինչպէս գոյացաւ, ինչպէս մեծցաւ եւ ինչ ներուժով ալ ամբողջ շրջանին մէջ տիրական ուժ դարձաւ»։
Այս դրուածքը նաեւ կարեւոր էր, որովհետեւ նախքան Պաքու-Անգարա յարաբերութիւններու խորքայնութիւնը, յատկապէս ռազմական գետնի վրայ, Իսրայէլ մեծ նեցուկ ցոյց տուաւ Ալիեւեան ռէժիմին. ու ԱԹՍ-ներու օգտագործաման տեսակէտէն՝ վստահօրէն Թէլ Աւիւն էր, որ Պաքուի համար «ճիշդ ճանապարհ» մը ընդգծեց։
Հոս ըսուածը ամենեւին պէտք չէ ընկալել իբրեւ՝ «քանի Իսրայէլը Պաքուի նեցուկ է եկէք զայն ալ թշնամի համարենք», բայց ասոր զուգահեռ տեղին հարցադրում մը կը ծագի՝ «ժողովրդավարութեան «բասթիոն»ը իր ձեռքերուն մէջ պահած Իսրայէլը ինչպէ՞ս ծառայեց ու դեռ կը ծառայէ բռնապետ Ալիեւին ու անոր հետ սերտաճած համակարգին»։
Այս հարցումին երկրորդ հատուածը բնականօրէն պիտի վերաբերի պաղեստինցիներուն, որոնց հետ «լաւ կապեր» ունեցած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զինեալ պայքար ծաւալած հայութեան տարբեր շերտերն ու այդ շերտերուն ղեկավարները։
Սկսած Լիբանանի Պէքայէն ու անցնելով Արեւմտեան Պէյրութի մութ անկիւնները՝ Լիբանանէն ծնունդ առած մարտական խմբակներ կապ ունեցած են պաղեստինցիներուն հետ, իսկ լիբանանանահայ անմահանուն ՀՅԴ գործիչ՝ Աբրահամ Աշճեանը շատ մեծ «անվտանագային հովանոց» մը դարձած է Պէյրութի «Թալ Ալ Զահթար» գաղթակայանի պաղեստինցիներուն համար, որպէսզի դուրս գան այդ շրջանէն ու փրկուին Լիբանանի աջակողմեան «միլից»ներու զէնք ու փամփուշտէն ։
Այս բոլորը անշուշտ որպէս պատմական փաստ կը ներկայանան, ու ասոր վրայ պէտք է աւելցնել պաղեստինցի առաջնորդ՝ Եասէր Արաֆաթի հայութեան ուղղուած դրուատական խօսքերը, Երուսաղէմի հայկական թաղը չմասնատելու համար տարած ջանքերը եւ հանրութեան առջեւ. «Ես Եասէր Արաֆաթեան եմ» ըսելը։
Ի հարկէ այս բոլորին հետ կան նաեւ կարգ մը ժխտական երեւոյթներ, որոնք կը հասնին մինչեւ Արցախի պատերազմի աւարտին «Համաս»ի մէկ պատասխանատուին կողմէ՝ «Ատրպէյճանի յաղթանակը շնորհաւոր ըլլայ» ըսելը, որ տարբեր առումներով ալ պէտք է վերագրել Պաքուի այսօր դրսեւորած եւ «Ռէալ փոլիթիք»ի շրջանակներուն մէջ եղած կարգ մը դրսեւորումներուն, որուն ալ պէտք է նայիլ արթուն հայեացքով ու նաեւ հարց տալով, թէ ուր էինք եւ յատկապէս ուր էր Հայաստանը եւ թէ ինչու ցայսօր Պաղեստինի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չենք մշակած։
Ի հարկէ այս ծիրին մէջ մնալով, բոլորիս համար ալ յստակ եւ ուղենշային է, որ անցնող 7 հոկտեմբերին, «Համաս»ի «Ալ Քասսամ» ջոկատայիններուն կողմէ իսրայէլեան տարածքներուն ուղղութեամբ եղած գրոհն ու անոր հետեւած սպաննութիւնները անընդունելի են, սակայն եկուր տես որ ինչպէս ամբողջ աշխարհը (կամ աշխարհի մէկ մասը) մոռացութեան տուած է Իսրայէլի հալածանքները անզէն պաղեստինցիներուն հանդէպ, ու Թէլ Աւիւի փակ սենեակներուն մէջ մշակուած արեան տաք երկաթի մեծ կաթսային, պաղեստինցիներու գլխուն թափուիլը արդարացուցած։
Այդպէս են միջազգային «տինամիզմ»ին մէջ ընթացող խաղերը, որոնց հիմնարար մօտեցումներուն մէջ, Իսրայէլ տէրութեան համար «պատուաւոր» տեղ մը ապահովուած էր մինչեւ Կազայի այս պատերազմը։
Ինչքան ցնցուեցաւ այդ տեղն ու դերը դեռ պարզ չէ, սակայն եթէ հաշուի նստինք Մատրիտի, Հռոմի, Պերլինի ու նոյնիսկ Ուաշինկթընի ու Նիւ Եորքի մէջ եղած ցոյցերուն հետ, ապա անպայման պիտի նշենք , որ աշխարհը այլեւս միայն մէկ պատուհանէ չի նայիր Պաղեստին-իսրայէլ հակամարտութեան, ու այսօրուան դրութեամբ՝ Պաղեստին տէրութեան մը տէր կանգնելու երեւոյթը նոր ու բաւական թարմ «դրէնտ» մը դարձած է բոլորին համար։
Ոչ անոր համար, որ պաղեստինցիք կարողացան իսրայէլեան բանակին առջեւ տեղի չտալ, այլ անոր համար, որ անոնց արեան եւ երակներուն մէջ մեծ պայքարի մը, օրինակելի պայքարի մը իսկական եռանդը կայ։
Ու ատոր համար (եւ ոչ միայն) «Համաս»ը չպէտք է անտեսել։
Սագօ Արեան