image

«Ինչպէս հնարաւոր է լուծել Ուքրանիոյ տագնապը». Պայտընէն դիտարկում

«Ինչպէս հնարաւոր է լուծել Ուքրանիոյ տագնապը». Պայտընէն դիտարկում

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն կը կարծէ, որ ուքրանական հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել միայն ռուսական զօրքերու դուրսբերման պարագային, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան։ Պայտըն վստահ է, որ առանց այդ նախապայմանի Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը չի յաջողիր կարգաւորուիլ։

 

«Չեմ կարծեր, որ հակամարտութիւնը կը լուծուի քանի դեռ դուրս չէ բերած ուժերը  Ուքրանիայէն», - ըսած է Պայտըն։

 

Այս յայտարարութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահն ըրած է ասիական ու ափրիկեան երկիրներ շրջագայութեան մեկնելու նախաշեմին, որու ծիրէն ներս կը նախատեսէ այցելել նաեւ Ինտոնեզիա՝ մասնակցելու Պալի կղզիին մէջ կայանալիք G20 գագաթնաժողովին։ «Մեծ քսանեակի» հանդիպումէն բացի Պայտըն մտադիր է այցելել նաեւ Եգիպտոս ու Քամպոտիա՝ մասնակցելու շարք մը միջազգային միջոցառումներու։