Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիէն խնդրած է «զուսպ» պատասխան տալ Իսրայէլին՝ «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան համար:
Reuters-ի պնդմամբ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը, Թեհրան մեկնած Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի միջոցով, խորհուրդ տուած է չյարձակիլ իսրայէլցի խաղաղ բնակիչներու վրայ, յայտնած են իրանեան երկու բարձրաստիճան աղբիւրներ:
Թեհրան իր հերթին ճնշում գործադրած է Մոսկուայի վրայ ռուսական արտադրութեան Սուխոյ Սու-35 կործանիչներու մատակարարման համար: Այս մասին իրանեան երկու աղբիւր, որոնք քաջատեղեակ են Շոյկուի եւ բարձրաստիճան իրանցի պաշտօնեաներու Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման, յայտնած են Reuters-ին։