image

Ինչ վիճակի մէջ է Պաքուի բանտերուն մէջ մնացող Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը.Նոր տուեալներ

Ինչ վիճակի մէջ է Պաքուի բանտերուն մէջ մնացող Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը.Նոր տուեալներ

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանի  առողջական վիճակը ծանր է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  լիբանանեան «Էլ.Պի. Սի. Այ.» կայանէն։

Աղբիւրը, որ Վիգէնի վիճակին մասին կարճ ռեբորթաժ մը պատրաստած է կապուած վերջինիս քրոջ հետ, որն իր կարգին հաւաստիացուցած է, որ վերջին շաբաթներուն հեռախօսային զրոյց մը ունեցած է իր եղբօր հետ, որուն ընթացքին ալ Վիգէն բացայայտած է, որ առողջական վիճակը ծանր է եւ կոչ ըրած բոլորին որ օգնեն զինք ու ազատեն բանտէն։

 Վիգէն բառացիօրէն ըսած է «Իմ համար մէկ է, ես արդէն մեռած եմ եւ կը խնդրեմ, որ ազատէք զիս այստեղէն»։

Նշենք, որ լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքեան եւ Մարալ Նաճարեան գերեվարուած էին 2019 թուականի նոյեմբերին, երբ անոնք փորձած էին Շուշի հասնիլ իրենց իրերը հաւաքելու եւ Երեւան վերադառնալու համար։ 

Մինչ Մարալ ազատ արձակուած ու վերադարձուած էր Լիբանան, անդին Վիգէնի դէմ հրապարակուած էր բանտարկութեան դատավճիռ։

Կայանը նաեւ նկատել տուած է, որ Վիգէնի հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգային ու ներկայ պահու դրութեամբ Պէյրութի իշխանութիւնները կը սպասեն, որ Ատրպէյճան նշանակէ Լիբանանի մէջ նոր դեսպան, տրուած ըլլալով, որ գործող դեսպանի պաշտօնավարութիւնը արդէն իսկ աւարտած է եւ ան վերադարձած է Պաքու։

Ներկայացուած ռէբորթաժէն նաեւ վերահասու կը դառնանք, որ Վիգէնի հարցով փորձած է միջամտութիւն կատարել եւ նոյնիսկ Վիգէնին հետ հանդիպում ունենալ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Ապպաս, որուն փորձերը սակայն չեն պսակուած յաջողութեամբ։