Աֆրինի մէջ թէժ պայքար սկսած է Արեւելեան Ղութայէն տեղափոխուած զինեալներու եւ «Ազատ բանակ»ի անդամներու միջեւ, կը յայտնէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, բախումը սկիզբ առած է այն պահուն, երբ «Ազատ բանակ»ի միաւորները «Ֆայլաք Ալ Ռահման»ի զինեալներէն պահանջած են դատարկել այնբնակարանները, որոնք անցեալին տրամադրուած էին վերջիններուս որպէս ապաստան:
Բնակարաններէն դուրս գալու պահանջը մերժման արժանացած է այնտեղ բնակող ընտանիքներուն կողմէ, որուն յաջորդած են վիճաբանութիւնն ու այնուհետեւ զինեալ բախումը:
Աղբիւրը զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չէ փոխանցած: