image

Ի՞նչ կը կատարուի Թունիզի մէջ

Ի՞նչ կը կատարուի Թունիզի մէջ

 

 Սագօ Արեան-Լրագրողի  էջ-էն  կը կարդանք ՝

 

Թունիզի      մէջ  կարեւոր զարգացումներ   կը գրանցուին։  Երկրի նախագահ  Քայս  Սըհայէտ   երէկ  գիշեր    քաղաքական «ռումբ» մը պայթեցուց  եւ լուծարեց  երկրի կառավարութիւնը  եւ դադրեցուց  խորհրդարանի գործունէութիւնը։

 Սըհայէտ  նշանակեց նոր  նախարարներ  ու կարծես  բաւական վճռական է       երկրի  իսլամական   գիծին (իխուաններուն)  դէմ  տանելիք  իր պայքարին մէջ։

 Նշեմ  նաեւ, որ նոյն ծիրին մէջ  երկրի ապահովական մարմինները  արգելք  հանդիսացան, որ  «Ալ Նահտա»  կուսակցութեան ներկայաուցիչ եւ խորհրդարանի նախագահ   ՝ Ռաշէտ Ալ Ղանուշի   մուտք   գործէ  խորհրդարանի շէնք։

  Շատեր կը նախանշէին, որ Թունիզը կրնայ  արիւնահեղութեան երթալ, սակայն  հակառակ  առկայ լարուածութեան մինչեւ հիմա     իրավիճակը կը շարունակէ  մնալ վերահսկողութեան տակ։ 

 Երկրի  իսլամիստ  «Ալ Նահտա»  կուսակցութիւնը, որ  կտրականապէս մերժած է  ընդունիլ նախագահի  որոշումները, այս պահուն բողոքի  ցոյցեր կ՚իրականացնէ    խորհրդարանին  առջեւ։