Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար միացած է «Զանգեզուրի միջանցք» պահանջողներուն։
Զանգեզուրի միջանցքի բացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, յայտարարած է Աքարը Կարսի մէջ «Ձմեռ-2023» զօրավարժութիւններու փակման արարողութեան ժամանակ, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ելոյթ ունենալով ճեպազրոյցին՝ Աքար ընդգծած է «համատեղ քայլերու կարեւորութիւնը, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»: Զօրավարժութիւններուն հետեւած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքարը, Զաքիր Հասանովը եւ Ճուանշեր Պուրչուլաձէն: «Ձմեռ-2023»-ին մասնակցած են 17 երկիրներու զինծառայողներ, ներառեալ՝ Մեծ Բրիտանիան, Գերմանիան, Ատրպէյճանը եւ Ղազախստանը։
Յիշեցնենք, որ «Զանգեզուրի միջանցք» ըսելով նկատի ունին Հայաստանի Սիւնիքի մարզով անցնող միջանցքը։ Պաշտօնական Երեւանը միանշանակ յայտարարած է, որ արտատարածքային միջանցք պիտի չըլլայ։