image

«ՀՐԱՅՐԱՏԵՍ»

«ՀՐԱՅՐԱՏԵՍ»

 

Կեանք մը բոլոր սուտով անցաւ,

Կեանքը արագ շուտով անցաւ,

Շուտն ու սուտը միանալով,

Կեանքի սուտը երազ դարձաւ:

Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ «զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր ունինք բարեկեցիկ, ինչու չէ նաեւ մեծահարուստ հայեր, որոնց հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքի սահմաններուն մէջ կը գործէ. անձեր՝ որոնք հոգիով ու սիրտով հայրենասէր ըլլալ կը ձեւացնեն, սակայն այդ բոլորը փաստող գործ կամ արարք գտնել չի՛ փորձէք. անոնց հայրենասիրութեան դրամագլուխը իրենց լեզուն է պարզապէս:

 

Շատ քիչեր են, որ խօսքի սահմաններէն անցնելով իրենց հայրենասիրութիւնը կը վերածեն կեանքի եւ անոնցմէ մէկն էր մի քանի օրեր առաջ հայրենի հողի վրայ իր աչքերը յաւերժութեան փակած անուանակիցս՝ Հրայր Ակիլեան, որ տարիներ առաջ Հայաստան գալով կը յայտարարէր. «Հոս Հայաստան է. մարդ չի՛ կրնար ինծի ըսել «երկիրդ գնա՛». ես հո՛ս եմ արդէն»:

 

Բազմահազար մարդիկ կ՚այցելեն Հայրենիք, սակայն անոնց եւ Հրայրի միջեւ տարբերութիւնը հետեւեալն է. շատեր իրենք զիրենք կը զգան որպէս հիւր, որպէս զբօսաշրջիկ, մինչ Հրայր կու գար ինքզինք զգալու տանուտէր՝ հայրական տուն վերադարձող զաւակի մը հրճուանքով:

 

Հրայր Ակիլեան 22 յուլիս 2020 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կը խօսի այն զգացողութեան մասին, թէ ինչ ըսել է Սուրիոյ, Հալէպի եւ կամ այլ սփիւռքի երկիրներու մէջ «երկրորդ մակարդակի քաղաքացի» ըլլալու եւ հարազատ հայրենիքի մէջ սեփական տան մէջ զգալու զգացողութեան մասին:

 

Հրայր Սուրիայէն Հայաստան գաղթելով բացի իր հանգիստէն ուզած է հանգիստ տալ նաեւ պատերազմի ծանր պայմանները ապրող իր հայորդիներուն եւ այդ պատճառով հիմնած «Իմ բնակարանս՝ հայրենիքի մէջ» նախագիծը, որով կը նախատեսէր շէնքեր կառուցել եւ մատչելի գիներով տալ ներգաղթողներուն. այս ծրագիրին մասին Հրայր ըսած է. «Շատ կարեւոր է, որ սուրիահայերը հայրենիքի մէջ իրենց բնակարանները ունենան եւ չերթան այլ երկիրներ»:

«Իմ բնակարանս՝ հայրենիքի մէջ». խօսք, որ տարբերութիւնը կը շեշտէ օտար ափերուն վրայ կառուցուող դղեակներուն եւ հայրենի հողին վրայ շինուող համեստ տան մը, որ Հրայրին համար աւելի՛ն կ՚արժէր, քան այդ պալատատեսիլ տուները:

Այս խօսքերէն կրնանք հասկնալ Հրայրի այն համոզումը, որ սփիւռքէն գաղթող հայը փոխան ուրիշ երկիրներու, պէտք է վերադառնայ իր սեփական հայրենիքը եւ այդտեղ կառուցէ իր տունը:

Այսօր Հրայր չկայ, սակայն մի՛շտ պիտի մնայ այն կոչը, որով կ՚ըսէր. «արթնցէ՛ք քանի դեռ ուշ չէ, խաղաղ եւ ապահով հայրենիք մը ունենալու համար». կը մնան այն տրտունջները, որով կ՚ըսէր. «Ի՞նչպէս բարելաւ հայրենիք պիտի կերտենք,  եթէ մեր ժամերը անարժէք են». Հրայր կը վրդովէր տեսնելով այն երիտասարդներն ու մեծահասակները, որոնք հայրենիքի խնդիրներուն դիմաց «մեզի ինչ» մը ըսելով իրենց «խաղաղ» կեանքը շարունակել կը փորձէին:

Հրայր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աշխատած էր. Սուրիոյ պատերազմէն ետք ան առիթն ու կարողութիւնը ունէր իր կեանքի մնացեալ օրերը «վայելել»ու օտար ափերու մէջ՝ յարմարաւէտ բոլոր պայմաններով, սակայն ինք նախընտրեց վերադառնալ ա՛յն Հայրենիքը, որու երազով ապրած էր ամբողջ կեանք մը:

Այսօր կը խօսինք Հրայրի մասին, որպէսզի անոր կեանքն ու համոզումները օրինակ հանդիսանան բոլո՛ր այն սփիւռքահայերուն, որոնք իրենց հարստութիւնն ու ունեցուածքը օտար ափերու մէջ կը մսխեն՝ փոխանակ հայրենասիրական նպատակներու ծառայեցնելու: Հոս կը կայանար Հրայրի եւ միւսներուն տարբերութիւնը. ուրիշներ կը խօսէին, Հրայր կը գործէր. Ստեփան Զօրեան դար մը առաջ կ՚ըսէր. «շատ խօսողներէն բան մի՛ սպասեր». Հրայր կեանքի մէջ քիչ խօսողներէն էր:

Հրայր Ակիլեան մահացաւ ապրիլ 1-ին. հինգ տարիներ առաջ, նոյն իր մահուան օրը՝ 1 ապրիլ 2017-ին Հրայր իր համացանցի էջին վրայ տեղադրեց իր գրիչին պատկանող հետեւեալ խօսքերը.-

Կեանք մը բոլոր սուտով անցաւ,

Կեանքը արագ շուտով անցաւ,

Շուտն ու սուտը միանալով,

Կեանքի սուտը երազ դարձաւ:

Հրայր իր այս բանաստեղծութեան աւարտին որպէս ծանօթութիւն կը գրէ. «Ամէն տարի այս օրուան պէս, սուտ կը խօսինք, բայց այս տարի այդքան սուտ խօսեցանք որ, գոնէ Ապրիլ մէկին օրը իրականութիւնը ըսենք». եւ այսպէս կեանքը եւս իր կատակը ըրաւ, փակելով հայրենասէրի մը աչքերը՝ որոնց կարիքը շա՜տ ունինք այսօր:

Հրայրի նմանները կը հեռանան մեր մէջէն եւ ցաւալիօրէն նոր Հրայրներ ծնունդ չեն առներ եւ այսպէս օրէ օր կը նօսրանայ հայրենասէրներու թիւը, որոնք երկինքի մէջ հաւաքուած դժբախտ վկաները կը դառնան հայրենիքի մը կործանման:

 

Հրայր Տաղլեան

 «Ժամանակ»/Պոլիս