image

«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով (2)

«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով (2)

«ՀՄԸՄ պարտէզ»ը նմոյշ մըն է հալէպահայերուն քով տարածուած հռչակաւոր «պարտէզ» հասկացութեան։ Հակառակ անոր, որ ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ ծառեր կան, բայց երբեք պայման չէ, որ միւս «պարտէզ»ներուն մէջ կանաչութիւն կամ ծառեր ըլլան։ Պարտէզներ կան, որոնք պարզապէս դպրոցի մը կամ ակումբի մը բակին մէջ են։ Անշուշտ, այդ ալ ըսեմ, որ ամէն մէկը ունի իր պարտէզը, ու «մեր պարտէզ»ին ու «ձեր պարտէզ»ին խաղը միշտ ալ կար։ Հակառակ այս ամէն ինչին՝ «պարտէզ»ները հալէպահայութեան համար ամենահոգեհարազատ վայրերն էին, այդ հասկացութեան ընդգրկած բազում բարի ապրումներով։

Ճիշդ հիմա «ՀՄԸՄ պարտէզ»ին դրան առջեւն եմ։ Դրան վրայ մեծ տառերով գրուած է «Նատի ալ Եարմուք»։ Աս «Ալ Եարմուք» կոչուածը արաբական պատմութեան մէջ կարեւոր պատերազմի մը անունն է։ Թէ ի՞նչ կապ ունի ՀՄԸՄ-ին հետ՝ չեմ գիտեր, ո՞վ գիտէ։ Ճիշդ ետեւս, մայթին մէջտեղը ելեկտրականութեան փայտէ սիւն մը կայ։ Յաճախ կը մտածէի, թէ ո՞վ է այդ «խելացի» ճարտարապետը, որ այս սիւնը տնկած է ճիշդ դրան առջեւ։

Ըսեմ, որ հագուած եմ այդ տարուան մոտայի՝ նորաձեւութեան կօշիկը՝ կաշիէ Տոկսայթ, որ, ի միջի այլոց, գնած եմ «Յովիկ շուզ»էն։ «Յովիկ շուզ»ն ալ ինձմէ հինգ մեթր հեռաւորութեան վրայ է հիմա։ Պզտիկ խանութ մըն է, որ սակայն յետոյ շատ պիտի մեծնայ ու հռչակաւոր դառնայ։ Դարձեալ այդ օրերու մոտայէն հագուած եմ ճինզ՝ գոց գոյնի ճինզ տաբատ, բաց գոյնի ճինզ շապիկ։ Անուշահոտս ալ այդ օրուան շատ հռչակաւոր Քենզոն է՝ պզտիկ կապոյտ շիշով։ Քանի հոտերու մասին խօսեցայ, ըսեմ, որ Քենզոյիս հետ մրցակցութեան մէջ է այս վայրկեանին ձախ կողմէն Ապու Յակոբին սուճուխի՝ երշիկի հոտը եւ աջ կողմէն «Սոմար» անուշավաճառին թխած մարինկաներուն հոտը։

Վերջին շարժումներս կ’ընեմ, ամէն ինչը տեղին է՝ շապիկս, մազերս, ճակատիս դրած ակնոցս․ մէկ խօսքով՝ պատրաստ եմ թիթիզ-թիթիզ  քալելու ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ։ Երեք աստիճան դէպի վար, եւս երեք աստիճան, դարձեալ երեք աստիճան, ու արդէն երկաթէ դրան առջեւն եմ։ Աջ կողմս խոտածածկ բաց տարածք է։ Արծուիկները եւ փոքրիկ գայլիկները շատ յաճախ հոս բաց խմբային կ’ընեն։ Բայց տարիներ յետոյ, ու ըստ մոտայի պահանջքին, այստեղ պիտի տեղադրեն մեծ սենեակ մը։ Սենեակին մէջ սկիզբը պիտի տեղադրեն մօտաւորապէս քսան հատ համակարգիչ, ու երիտասարդները ժամերով «Քաունթըր սթրայք» պիտի խաղային՝ փոլիսները ընդդէմ գողերուն։  Մէկ խօսքով՝ պատերազմ ու կռիւ․ «Լան պատին ետեւը պահուըտեր է, էշէակ», «Ռումբը նետէ՛», «Դանա՛կը գործածէ, հայվան»։ Ու այսպէս ժամերով կռիւ կ’երթար։ Սակայն քանի մը տարի յետոյ մոտան պիտի փոխուէր ու նոյն այդ քոմփիութըրներով կռուող տղաքը պիտի վերածուէին փրոֆեսիոնալ պիլիարտ խաղցողներու։ Քոմփիութըրները պիտի վերանային ու իրենց տեղ պիտի տեղաւորուէին մեծ ու կոկիկ պիլիարտի սեղաններ։

Ձախ կողմս առաջին սթրաթեճիք սեղանն է, որ կը նայի դէպի թենիսի դաշտը։ Այստեղ շատ յաճախ արծուիկները նստած կ’ըլլան ու ինչ-որ բան կը ծախեն՝ անդամագրութեան քարտ, նախաճաշ՝ ֆուլ կամ արաբական աւանդական անուշեղէններէն՝ շա՛ապիաթ, ընթրիք՝ ղաուրմա․․․ եւ այլն։  Քանի մը քայլ առջեւ աջ կողմս տեղաւորուած է պաղ ջուրի առաջին սառնարանը, որ շատ յաճախ կտրուած ելեկտրականութեան պատճառով պաղ ջուր չէր տար։ Նոյն աջ կողմին վրայ այլեւս պիտի սկսի սեղաններու եւ աթոռներու բաժինը։ Երկաթէ սեղան մըն է, ինչ-որ գոյնով ներկուած ու շուրջը՝ ամենապարզ  ճերմակ փլասթիքէ աթոռներ։ Սեղանին ծայրը ճերմակ ներկով թիւ մը գրուած կ’ըլլայ։ Այս թիւէն միայն Ապու Հասանը՝ շեֆ-կարսոնը գլուխ կը հանէ։ Ձախ կողմս՝ նորէն յատուկ սեղան մը։ Երկրորդ սթրաթեճիք սեղանն է կ’երեւի, որ ամէն մարդ կ’ուզէր հոն նստիլ, որովհետեւ դիմացը բաց դաշտ է՝ ով որ պարտէզ կը մտնէ-կ’ելլէ, անպայման այնտեղէն պիտի անցնի։  Այս սեղանէն սկսեալ պէտք է այլեւս դանդաղ  քալել, հպարտ, մէկ աչքին ծայրով  նայիլ՝ ով կայ-չկայ, միւս աչքին ծայրով հետեւիլ՝ ով կը նայի կոր ինծի եւ ով ուշադրութիւն ըրաւ, որ ես եկայ։ Դանդաղ, հանգիստ․ «Բարեւ, ինչպէ՞ս էք»․․․․ «Բարեւ»․․․ ․«Մէկ հատ վեր ելլեմ, ջուր խմեմ ու ետ կու գամ»․․․․ «Կու գամ, կու գամ, անպայման»։

Քայլերս կը շարունակեմ ու կը հասնիմ պարտէզին կեդրոնական մասը։ Աջ կողմս քարտուղարի ու հաշուապահի գրասեղանն է, ետեւը՝ մեծ մանղալը եւ խոհանոցը, կեդրոնական երկրորդ պաղ  ջուրի սառնարանը, տղոց թուալեթը՝ բաղնիքը, որ միշտ զիջած է մաքրութեամբ կողքի աղջիկներու թուալեթին, իսկ առջեւս՝ երրորդ ամենասթրաթեճիք սեղանը։ Յետոյ հասկցայ, որ այստեղ կը նստէին միայն պատասխանատու եղբայրներն ու ընկերները։ Ձախ կողմս նորէն սեղաններու եւ աթոռներու տարածք մը կայ՝ չգրուած օրէնքով ընտանիքներու յատկացուած։ Քիչ մը առջեւ՝ հռչակաւոր անկիւն մըն է. երբ ՍԵՄ-ի տղաքը կը ստանձնէին պարտէզին ռատիոկայանը, հոն կը տեղաւորուէին երկու-երեք ընկերուհի ու կը պատրաստէին օրուան ծրագիրը։

Վերջին մասը մնաց, որ ինծի համար աւելի շատ աքսորի պատկեր ունէր։ Հոն կը նստէին այն մամաները, որոնք պէտք է հետեւէին իրենց երեխաներու խաղի ընթացքին, որովհետեւ վերը տեղաւորուէր էր փոքրիկներու խաղավայրը։ Սկաուտները ժողով կ’ընէին հոն, պատասխանատու մարմինները՝  նոյնպէս։ Մէկ խօսքով՝ գործ չկայ վերը։

«ՀՄԸՄ պարտէզ»ը նմոյշ մըն է հալէպահայերուն քով տարածուած հռչակաւոր «պարտէզ» հասկացութեան։ Հակառակ անոր, որ ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ ծառեր կան, բայց երբեք պայման չէ, որ միւս «պարտէզ»ներուն մէջ կանաչութիւն կամ ծառեր ըլլան։ Պարտէզներ կան, որոնք պարզապէս դպրոցի մը կամ ակումբի մը բակին մէջ են։ Անշուշտ, այդ ալ ըսեմ, որ ամէն մէկը ունի իր պարտէզը, ու «մեր պարտէզ»ին ու «ձեր պարտէզ»ին խաղը միշտ ալ կար։ Հակառակ այս ամէն ինչին՝ «պարտէզ»ները հալէպահայութեան համար ամենահոգեհարազատ վայրերն էին, այդ հասկացութեան ընդգրկած բազում բարի ապրումներով։

Սաղաթէլ Պասիլ

Նիւթը՝ «Տարբերակ 21»էն

Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախն...