Օգոստոսի երկրորդ կիսուն Ռաս էլ Մեթնի մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ Պէյրութի տարեկան բանակումը, որ նուիրուած եղած է մասնաճիւղի 100-ամեակին։ Բանակումը յատկանշական եղած է մասնաճիւղի վեթերան խմբապետներուն ներկայութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տարազաւոր բոլոր խումբերը` երէցները, պարմանուհիները, արիներն ու արենուշները, գայլիկներն ու արծուիկները եւ, վերջապէս, մոկլիները հերթաբար ուղղուեցան դէպի բանակավայր, ուր գործադրութեան դրին այն բոլոր գիտելիքները, զորս ամբարած էին 2023-2024 տարեշրջանին ընթացքին:
17-25 օգոստոս 2024-ին Ռաս էլ Մեթնի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-ի տարեկան բանակումը սակայն յատուկ էր, որովհետեւ ան յատկացուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին, որ անցեալի էջը փակելով` դէպի հեռաւոր ապագայ նայող փուլ մը կը բանար:
Տասը օրեր բաւարար էին մասնաճիւղի սկաուտներուն, որպէսզի Ռաս էլ Մեթնի ընդարձակ ու դատարկ բանակավայրը յարդարեն ու հարուստ զարդարանքով գեղեցկացնեն, ընդունին հիւրեր ու դասախօսներ, կազմակերպեն գիշերային խաղեր, խարուկահանդէսներ, արշաւեն, ցեխարշաւ կազմակերպեն ու այլ մարզանքներ ընեն, ամրապնդեն իրենց գիտելիքներն ու զարգացնեն իրենց գործնական հմտութիւնները, չարքաշութեամբ ու կարգապահութեամբ զօրացնեն իրենց շարքերը եւ նոր բնոյթի այլ աշխատանքներով լեցնեն իրենց յայտագիրները:
100-ամեակի բանակումի ամէնէն յիշարժան պահերէն մէկը մասնաճիւղի վեթերան խմբապետներուն ներկայութիւնն էր: Վեթերանները հինգշաբթի, 22 օգոստոսի երեկոյեան բանակավայր ժամանելով, բանակողներուն հետ իրենց փորձառութիւնները կիսեցին, ինչպէս նաեւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին միացեալ յայտագիրներու եւ խարուկահանդէսի:
Իսկ շաբաթ, 24 օգոստոսի երեկոյեան բանակողներու ծնողներն ու հարազատները բանակավայր մուտք գործեցին անմահութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ` դէպի երկինք խոյացող փիւնիկը մարմնաւորող հսկայ «միջնաբերդէն», որուն կողքին կը ճառագայթէր մեր «յոյսն ու ապագան» հանդիսացող մոկլիներու լուսաւոր ձեռայինը, ու ապա հերթաբար ներկաներուն աչքերուն դիմաց կը բացուէին արծուիկներու, գայլիկներու, արենուշներու, արիներու եւ երէցներու ու պարմանուհիներու բծախնդրութեամբ ստեղծագործուած ձեռայինները, որոնք օղակ-օղակ կազմելով` կը հասնէին դէպի բանակավայրի կեդրոնական հատուածին մէջ կոթողուած դրօշակի հսկայ կայմը, որ միացնելով տարազաւոր բոլոր մասնիկները` զանոնք կը դարձնէր մէկ ամբողջութիւն` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղ:
Բանակումի փակման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան աստիճանատուչութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետը, որ շնորհաւորեց սկաուտները թէ՛ իրենց բանակումը լաւապէս աւարտելուն համար եւ թէ՛ իրենց մասնաճիւղի 100-ամեակին առիթով: Մինչ այդ բացման խօսքերով հանդէս եկան նաեւ մասնաճիւղի միաւորի խմբապետը եւ Սկաուտական խորհուրդի ատենապետը, որոնք յատուկ շեշտադրումով անդրադարձան մասնաճիւղի տարեկան բանակումին եւ հիմնադրութեան 100-ամեակին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած խարուկահանդէսին ընթացքին սկաուտական խումբերը իրենց մուտքերով ու ներկայացումներով, ըլլան թեմային կապուած կամ զուտ սկաուտական, պատգամեցին, որ իսկապէս մաս կը կազմեն մէ՛կ մասնաճիւղի, մէ՛կ ընտանիքի:
Խարուկահանդէսի աւարտին սկաուտները խաչաձեւեցին իրենց ձեռքերը եւ ցտեսութիւն երգելով` «Դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն» տողով իրարու խօսք տուին դարձեալ շուտով տեսնուելու…