Եռաբլուր հերոսաց պանթէոն բարձրանալով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը ներկայացնող պատասխանատուներ այսօր առաւօտ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Արցախեան պատերազմի ժամանակ զոհուած նահատակներու յիշատակին։
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը։
Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ինչպէս նաեւ մարմնի անդամ պատասխանատուներու տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան յատուկ կարգ ի խաղաղութիւն Արցախեան երեք պատերազմներուն ընթացքին նահատակուած հերոսներու հոգիին։
Կրօնական կարգէն ետք, ներկայ եղողները ծաղիկներ խոնարհած են նահատակուածներու շիրիմներուն յիշատակելով նաեւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ հասակ նետած անկրկնելի հերոսներու յիշատակը։
Յիշատակի այս արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ նոյնպէս գլխաւորած է այս առթիւ Եռաբլուր ժամանած պատուիրակութիւնը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ինչպէս Արցախեան առաջին հերոսամարտին, նոյնպէս ալ տարի մը առաջ ծաւալած ծանր պատերազմին հազարաւոր զինուորներու եւ կամաւորներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի անդամներ, որոնցմէ շատեր ալ փառքի պսակին արժանանանալով միացան Եռաբլուրի մէջ հանգչող հերոսներու փաղանգին։





