image

Հիւատոս՝ Լեւոն Աֆէյեան «Աւրորա»ի դափնեկիրը ներկայացուց Գանատական շրջանակներուն

Հիւատոս՝ Լեւոն Աֆէյեան «Աւրորա»ի դափնեկիրը ներկայացուց Գանատական շրջանակներուն

Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեան (որ նոյնպէս անդամ է «Աւրորա» նախաձեռնութեան խորհուրդին) օրերս կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով «Աւրորա» նախաձեռնութեան 2022 թուականի դափնեկիրը ներկայացուցած է երկրի քաղաքական վերնախաւին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Աֆէեանի դիմատետրեան էջէն, ուր ան մասնաւորապէս կը նշէ, որ «Աւրորա» նախաձեռնութեան 2022 տարուան  դափնեկիր՝ Ժամիլա Աֆղանի այցելութիւն տուած է Գանատա եւ հանդիպումներ ունեցած տեղւոյն քաղաքական դէմքերուն հետ։

Աֆէեան նաեւ գրած է, որ այս կերպ Գանատայի Սենատի բարձրաստիճան պատասխանատուներ ոչ միայն դրականօրէն ընդունած են Աֆղանիի այցը, այլ նաեւ գնահատանքի խօսքեր հնչեցուցած «Աւրորա» նախաձեռնութեան մասին։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայաստանանուէր առաքելութիւն ստանձնած Լեւոն Աֆէեան կրտսեր եղբայրն է «Աւրորա»ի ստեղծման խորհուրդի անդամ՝ Նուպար Աֆէյեանին։

 Ան երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Մոնթրէալ, ուր կը ծաւալէ առեւտրական գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ որպէս համայնքի անդամ կը մասնակցի հայկական գաղութի գործունէութեանց։

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր բարեկամին։