«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան վաճառքի պարագային, եթէ տրամաբանական գին առաջարկուի, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը կը քննարկէ նման տարբերակը։ Այս մասին նոյեմբեր 6-ին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Անոր խօսքով, եթէ պարզուի, որ Կառավարութիւնն ի վիճակի չէ իրեն թոյլ տալ ընկերութեան գնումը, ապա անոնք պիտի առաջնորդուին երկրորդ սենարով, որ կը յանգի միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութեան կողմէ մասնաւորեցման՝ նախարարներու գրասենեակի մասնակցութեամբ։ «Բոլոր դէպքերում պէտք է վճարել ՀԵՑ-ին, հարցն այն է, թէ ով, մի սենարի դէպքում կառավարութիւնը, միւս սենարի դէպքում՝ ան, ով ձեռք կը բերի ընկերութիւնը»,- նշած է Փաշինեանը։
Ան պարզաբանած է որ ամէն ինչ կախուած պիտի ըլլայ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի որոշումէն՝ կոչ ընելով բոլորին սպասել այս որոշման, որմէ ետք կառավարութիւնը պիտի ձեւակերպէ իր մօտեցումը։