image

Հայրապետական Նուիրակին այցը՝ Լաթաքիոյ հայկական միութեանց կեդրոններ (Լուսանկարներ)

Հայրապետական Նուիրակին այցը՝ Լաթաքիոյ հայկական միութեանց կեդրոններ (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Թեմի Հայրապետական Նուիրակ՝ Գերշ. Տ. Մակար Աշքարեան,  որ օրերս կը գտնուի Լաթաքիա այցելութիւն տուած է  տեղի հայկական համայնքի բարեսիրական միութեանց կեդրոններ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի  դիմատետրի  էջէն, ուր մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածնի Տաճար Ընծայման եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Լաթաքիահայութեան իր տուած հովուական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, շքախումբով այցելեց Լաթաքիոյ մէջ գործող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Ս.Օ.Խաչի երկու ակումբները: Շքախումբին մաս կը կազմէին Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ներկայացուցիչներ, որոնք դիմաւորուեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին, կազմին եւ ակումբէն ներս գործող անդամներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ աղի ու հացի օրհնութիւն: Կեդրոնի մուտքին, փողերախումբը Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով դիմաւորեց Հայրապետական Նուիրակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Նիկոլ Մատանի: Ան իր բարի գալստեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Հազար բարով Լաթաքիա ժամանեցիք Հայրապետական Նուիրակ Սրբազան Հայր, դուք եւ ձեր պատուիրակութեան գալուստով նոր յոյս եւ շունչ բերիք ձեզի հետ...»: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Միութեան աշխատանքներն ու ծառայութիւնները։ Այնուհետեւ, ներկայացուեցաւ մշակուած կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց՝ արտասանութիւն, երաժշտութիւն, երգ եւ հայկական պար, որոնք խանդավառեցին լրջութեամբ հետեւող ներկաները:

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Հայրապետական Նուիրակը՝ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ժողովուրդի մը կամ ազգի մը մեծութիւնը անպայմանօրէն իր թուային առաւելութեան մէջ չէ, այլ իր մշակութային ժառանգին, այսինքն՝ հոգեւոր եւ ազգային անկորնչելի եւ յաւերժական արժէքներուն եւ ստեղծագործութեան մէջ։ Ժողովուրդ մը կամ ազգ մը կրնայ թուային առումով բազմահարիւր միլիոններ հաշուել, սակայն եթէ չունի մշակութային համապատասխան ստեղծագործութիւն, որ ուղղակիօրէն իր պատմութեան եւ անցեալի խորքէն, իր սրտէն կը բխի, իր հոգիէն կը ժայթքէ յորդահոսան ու վճիտ՝ ան երկար չի կրնար գոյատեւել: Մենք որպէս փոքր ածու իրաւունք ունինք հպարտանալու, որովհետեւ ունինք դարաւոր մշակոյթ մը, որ մերն է, հայկական է, հայու հոգիէն ծնած է, մեր էութենէն մարմին առած է եւ որուն մէջ շաղախուած են մեր նկարագիրը, մեր յոյզերն ու յոյսերը, երազներն ու տեսիլքները, ապրելու կամքը, մեր ուրախութիւնը, վիշտն ու ցաւը»:

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Միութեան աշխատանքները, պատասխանատուներն ու միութենականները եւ յատկապէս գեղարուեստական յայտագիրը ծաղկեցնողները, յիշեցնելով, որ այնքան ատեն որ մեր արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն կապուած գիտակից եւ նախանձախնդիր մշակներ ունինք, որոնք պատասխանատուութեան ոգիով կը պահեն, կը սորվեցնեն եւ կը փոխանցեն զանոնք յաջորդ սերունդներուն, ապա վախնալու չենք, որովհետեւ անպայման կը յաջողինք ու կը յաղթանակենք։

Այնուհետեւ, Հայրապետական Նուիրակը այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի կեդրոնը, ուր կը գործեն Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան գրասենեակը, Պատանեկան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբի եւ վերոյիշեալ բոլոր միութիւններու Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ: Կեդրոնի պատասխանատու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ տիար Յարութիւն Գաբրիէլեան մեծ խանդավառութեամբ բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետական Նուիրակին եւ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ընդհանրապէս Լաթաքիոյ մէջ գործող Միութիւններու աշխատանքներուն, շեշտեց, որ բոլորս որպէս տիպար հայորդիներ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ ամբողջական հաւատարմութեամբ կ՚ապրինք եւ կը գործենք։

Սրբազան Հօր այցելութիւնը պատճառ հանդիսացաւ լսելու միութեանց անդամներու կարծիքը, ծանօթանալու անոնց տեսակէտներուն, հասկնալու անոնց ցաւերը եւ ըմբռնելու անոնց մտահոգութիւնները:

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց ասմունք եւ փունջ մը ազգային երգեր:

«Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը, որ նախ սրտի ցնծութեամբ եւ հոգեկան բերկրանքով ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր Միութիւններու պատասխանատուներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան գիտակցութեան մէջ իրեն վստահուած ծառայութիւնը ի գործ դնելու հրաւիրուած է եւ այս մէկը բոլորէս կը պահանջէ ամբողջական նուիրում, զոհողութիւն եւ անձնադիր ծառայութիւն, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Տօնական մթնոլորտին մէջ, ան յիշեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ եւ ազգի պահանջներուն ի տես, տագնապող սիրտ ու հոգի ունեցող մշակներու պէտք ունինք, որուն իբրեւ արդիւնք կ՚արժեւորուին մեր նուիրումը, զոհողութիւնը, հաւատարմութիւնը, աշխատանքն ու ծառայութիւնը՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին, դպրոցին, միութիւններուն եւ մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն։

Նկատի ունենալով տիրող դժուար պայմանները եւ մարտահրաւէրները, Սրբազան Հայրը նոյն միասնականութեան ոգիով շարունակելու հրաւիրեց լաթաքիահայութիւնը, որպէսզի կարողանան պահել գաղութին մէջ գործող մէկ դպրոցը, մէկ եկեղեցին, իր երկու ակումբներով եւ բոլոր միութիւններով:

Աւարտին, Մակար Սրբազան իր պատուիրակութեամբ հրաւիրուեցաւ Ս.Օ.Խաչի գրասենեակ, ուր կոկիկ հիւրասիրութիւն ներկայացուեցաւ եւ այնտեղ մօտէն ծանօթացաւ եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչութեան անդամներուն հետ։